Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական Տէյվիտ Շենքըր «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը Հըզպալլան Լիթանիէն հարաւ զինաթափելու ճամբով Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնութեան յանձնառու դարձաւ: Ան պէտք է սեփական կալուածները խուզարկէ, ապա երկրի տարածքին մնացեալ փուլերը ամբողջացնէ, սակայն մինչեւ այսօր այդ մէկը կատարելու կը տատամսի»:
«Կը կարծեմ, որ տարածուած է այն կարծիքը, թէ Լիբանան կարելիութիւններ ունի, սակայն խնդիրը այնքան կարելիութիւններու հարց չէ, որքան կամքի, ուստի կը կարծեմ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին Լիբանանի վրայ ճնշումը բարձրացաւ, որպէսզի զինաթափման հարցին մէջ յառաջ ընթանայ: Իրերայաջորդ կառավարութիւններ կը խուսափէին այս խնդիրը լուծելէ», նշեց ան:
«Կառավարութեան հարաւային Լիբանանի մէջ ըրածը լաւ ու անհրաժեշտ է, սակայն մինչեւ այսօր բաւարար չէ: Գոյութիւն ունին հաւաստի տեղեկութիւններ, թէ Հըզպալլան իր կարողութիւնը կը վերականգնէ եւ սեփական կալուածներու մէջ զէնք կ՛ամբարէ, եւ եթէ բանակը կանխարգելիչ կերպով այդ վայրերը չստուգէ եւ տուներն ու այլ վայրերը չխուզարկէ, ապա գործը պիտի չկատարուի», յայտնեց ամերիկացի նախկին պաշտօնատարը:
«Քննարկեցի ՖԻՆԻՒԼ-ի իրերայաջորդ զեկուցումները, եւ ան իր զեկուցումներուն մէջ «Հըզպալլա» բառը բնաւ չօգտագործեց, եւ տարիներու ընթացքին փաստեց, թէ կարելի չէ անոր վստահիլ, եւ իր առաքելութիւնը չկատարեց», աւելցուց ան:
Շենքըր նաեւ յայտարարեց. «Եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը Հըզպալլան չզինաթափէ, Իսրայէլ այդ մէկը ինք պիտի կատարէ»:
«Իսրայէլի կառավարութիւնը եւս պէտք է մինչեւ հիմա Լիբանանի կառավարութեան կատարածին նկատմամբ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերէ, եւ թերեւս մէկ դիրքէ հեռանայ, ապա այդ քայլը ամբողջացնէ, ինչպէս Լիբանանն ու լիբանանեան բանակը կ՛ամբողջացնեն Լիթանիէն հարաւ եւ հիւսիս Հըզպալլայի զինաթափումը», ըսաւ ան:
«Յստակ է, թէ Իսրայէլ կը խախտէ զինադադարը եւ կը շարունակէ լիբանանեան օդային տարածքը ոտնահարել, կուսակցութեան թիրախներ ռմբակոծել, եւ հարաւային Լիբանանի մէջ հինգ բլուրներ կը գրաւէ, բայց եւ այնպէս, լիբանանեան կառավարութիւնը ըսաւ, թէ կուսակցութիւնը Լիթանիէն հիւսիս պիտի չզինաթափէ», նշեց Շենքըր:


