Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը պատրաստ է լիբանանեան բանակին հետ առաւելագոյն գործակցութեան, եւ անոր օգնեց իշխանութիւնը հեզասահ կերպով տարածելու: Ան համաձայն է պաշտպանական ռազմավարութեան` Լիբանանի ուժէն ու Դիմադրութենէն օգտուելու համար, սակայն պատրաստ չէ որեւէ շրջագիծի, որ իսրայէլեան գոյացութեան եւ ամերիկացի բռնատէրին անձնատուր ըլլալու կը յանգեցնէ»:
«Պետութեան խնդիրը երկիրը ոտքի կանգնեցնելու համար զէնքի մենաշնորհումը չէ. զէնքի մենաշնորհումը, երկրին մէջ ներկայիս ներկայացուած իր տարազով, ամերիկեան-իսրայէլեան պահանջ է», նշեց ան` «ամերիկեան-իսրայէլեան տրամաբանութեամբ զէնքի մենաշնորհումը Լիբանանի ուժին մահապատիժ է»:
«Իսրայէլացիները պատերազմի պիտի չդիմեն առանց Ամերիկայի որոշումին: Թող Ամերիկան իմանայ, թէ պիտի պաշտպանենք, նոյնիսկ եթէ երկինքը փուլ գայ, զէնքը Իսրայէլի նպատակներու իրագործման համար պիտի չխլուի, թէկուզ ամբողջ աշխարհը Լիբանանի դէմ պատերազմին միանայ», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
Ան ըսաւ, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք կ՛ըսէ, թէ «կ՛ուզէ Լիբանանը Սուրիոյ կցել, այդ ատեն փոքրամասնութիւնները կը կորսուին Սուրիոյ լայն ծովին մէջ կամ կը գաղթեն: Իմացէ՛ք, թէ ո՛վ պիտի մնայ, եւ ով` ոչ: Ասիկա շատ վտանգաւոր ծրագիր է: Թերեւս Լիբանան չմնայ: Ասոնք բոլորը նախերգանքներ են»:
Շէյխ Քասեմ պետութեան կոչ ուղղեց` «զիջումներ կատարելէ դադրելու», ինչպէս նաեւ «ետդարձ կատարելու եւ հաշիւները վերատեսութեան ենթարկելու: Համաձայնութիւնը գործադրեցէք, ապա քննարկեցէք պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը»:


