«Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, 17 եւ 18 դեկտեմբերի երեկոյեան Փարիզի մէջ կը գումարուի ժողով մը` շարունակելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, լիբանանեան կառավարութեան Լիթանիէն հարաւ Հըզպալլայի զինաթափումը ամբողջացնելու յանձնառութեան եւ Լիթանիէն հիւսիս երկրորդ փուլի շրջագիծի քննարկումը` աւելցնելով, որ նիստը նաեւ պիտի քննարկէ տնտեսական ու ելեւմտական բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Թղթածրարին ծանօթ աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Լիբանանի կացութեան յատկացուած ժողովը յառաջիկայ շաբաթ պիտի գումարուի Փարիզի մէջ` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու»:
Աղբիւրներէն մէկը ըսած է. «Կը նախատեսուի, որ Ռուտոլֆ Հայքալ չորեքշաբթի օր հասնի Փարիզ: Երրորդ աղբիւր մըն ալ աւելցուցած է, թէ կը նախատեսուի, որ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս մասնակցի ժողովին, սակայն անոր ներկայութիւնը «տակաւին չէ հաստատուած»:
Աղբիւրները նաեւ յայտնած են, որ յառաջիկայ շաբաթ Փարիզի մէջ սէուտցի պաշտօնատարի մը ներկայութիւնը եւս կը սպասուի:


