Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու խնդրած է ջնջել երկուշաբթի օր նախատեսուած իր դատական նիստը` ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի հետ ժողովի պատճառով:
Կայանը կը նշէ, որ Նեթանիահու-Պարրաք հանդիպումին նպատակը Լիբանանի մէջ մագլցումը արգիլելն ու Սուրիոյ հետ փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացնելն է:


