Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին իր ազնիւ հրաւէրին համար, սակայն իր հրաւէրին պատասխանելու համար Իրանի նախաձեռնութիւնը չողջունելու անոր որոշումը զիս կը զարմացնէ: Աւելի՛ն, եղբայրական դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունեցող պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները ժողով գումարելու համար «չէզոք» վայրի կարիքը չունին»:
«Իսրայէլեան բռնագրաւումին ու զինադադարի բացայայտ խախտումներուն դէմ կանգնելնուս պատճառով ամբողջովին կը հասկնամ լիբանանցի յարգելի պաշտօնակիցիս Թեհրան այցելելու պատրաստակամ չըլլալու պատճառը: Ուստի, ամենայն ուրախութեամբ պիտի ընդունիմ Պէյրութ այցելելու անոր հրաւէրը, որովհետեւ մենք եւս կը ձգտինք երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ «նոր սկիզբ»-ի մը` հիմնուելով արտաքին գործոց նախարար Ռաժժիի ճշդած սկզբունքներուն վրայ»:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի մէկ օր առաջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիին նամակ մը յղելով յայտնած էր, որ «ներկայ պայմաններուն մէջ» պիտի չկարենայ Թեհրան այցելելու հրաւէրը ընդունիլ` ընդգծելով. «Հրաւէրը մերժելը քննարկումի մերժում չի նշանակեր, այլ յարմար մթնոլորտ չէ ապահովուած»:
Ռաժժի վերստին Արաղչին հրաւիրած էր համաձայնեցուած երրորդ երկրի մը մէջ հանդիպելու` ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնելով Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ կառուցողական յարաբերութիւններու նոր ժամանակաշրջան հաստատելու, «պայմանով որ ատիկա բացառապէս հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի, իւրաքանչիւր երկրի բացարձակ անկախութեան ու գերիշխանութեան, եւ որեւէ ձեւով ու որեւէ պատրուակով անոր ներքին հարցերուն չմիջամտելու վրայ»:


