Ռաժժի Մերժեց Արաղչիի Թեհրան Այցելելու Հրաւէրը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիին նամակ մը յղելով յայտնեց, որ «ներկայ պայմաններուն մէջ» պիտի չկարենայ Թեհրան այցելելու հրաւէրը ընդունիլ` ընդգծելով. «Հրաւէրը մերժելը քննարկումի մերժում չի նշանակեր, այլ յարմար մթնոլորտ չէ ապահովուած»: Ռաժժի վերստին Արաղչին հրաւիրեց համաձայնեցուած երրորդ երկրի մը մէջ հանդիպելու` ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնելով Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ կառուցողական յարաբերութիւններու նոր...



















