Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութեան Սերտ Ճիգերը Կը Շարունակուին` Դիմակալելու Համար Ներքին Թէ Արտաքին Մարտահրաւէրները

February 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատաւորական թէ ընկերային պահանջատիրութեան շարունակուող ելոյթներու մթնոլորտին մէջ ուշագրաւ է երկրի վարիչներուն արտասովոր եռուզեռը` դիմակալելու համար ներքին թէ արտաքին ժամկէտներու իրագործման առթած հեւքն ու մարտահրաւէրները:

Արդարեւ, կը սպասուի, որ ամերիկացի բանագնաց, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան հարցերու օգնական, դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ, իր մագոգային ճիգերու ծիրին մէջ, այսօր կրկին այցելէ Պէյրութ, ուր լիբանանցիք դարձեալ պիտի շեշտեն իրենց վճռական «ոչ»-երը Լիբանանի նաւթային հարստութեան գծով իսրայէլեան ծաւալապաշտ ախորժակներուն դէմ, որոնց նորագոյն դրսեւորումն էր երէկ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի այն սպառնական յայտարարութիւնը, թէ Լիբանան մեծապէս պիտի վնասէ, եթէ մերժէ ընդառաջել դեսպան Սաթըրֆիլտի առաջարկներուն, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ Լիբանանի բնական հարստութեան մեծ մասը օր ցերեկով իւրացնելու բացայայտ, բայց ձախող փորձ մը: Փաստօրէն, բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աուն երէկ վերահաստատեց բանակի կազմ ու պատրաստ վիճակը` դիմակալելու որեւէ պատուհաս, որ կը սպառնայ Լիբանանի ապահովութեան:

Նմանապէս, յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուող Լիբանանի զօրակցութեան Փարիզի, Հռոմի եւ Պրիւքսելի համագումարներուն կողքին, օրակարգի վրայ են նաեւ մօտիկ ապագային Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք Արաբական վեհաժողովի նախապատրաստական քայլերն ու այս կապակցութեամբ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի մօտալուտ այցելութիւնը Լիբանան:  Տակաւի՛ն, կը նշուի, թէ Հռոմի պապին Պէյրութ այցելութիւնը չէ ջնջուած եւ Վատիկանի քահանայապետը կը սպասուի Լիբանան, ինչ որ դարձեալ զօրաշարժի կը մատնէ իշխանութեանց պատկան մարմինները:

Նաեւ` Ներքին  Ճակատի Վրայ

Արտաքին այս ժամկէտներուն եւ մարտահրաւէրներուն առընթեր օր ըստ օրէ կը շեշտուին մէկ կողմէ աշխատաւորական-ընկերային ու կրթական պահանջներու դիմակալման ճիգերը, իսկ միւս կողմէ` խորհրդարանական սահմանադրական ժամկէտի նախընտրական քայլերու հեւքը: Նմանապէս, անխուսափելի հրամայական դարձած է 2018-ի պետական ամավարկին վաւերացումը, որ իր կարգին կանաչ լոյս պիտի արձակէ նշեալ ժամկէտներու իրագործման դրական ու գոհացուցիչ արդիւնքներով:

Առ այդ, առնչակից կողմերու միջեւ քուլիսային շփումներն ու հետզհետէ դրսեւորուող կեցուածքները կոչուած են առաւել եւս յստակացնելու խորհրդարանի կազմութեան վրայ ուրուագծուող նոր դիմագիծի նշոյլները:

Այս դիտանկիւնէն պէտք է ըմբռնել նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի վճռական կեցուածքները` ընդառաջելու քաղաքացիներու ապրուստի, տնտեսական ու յարակից պահանջներուն եւ առ այդ փութացնելու պետական ամավարկի վաւերացումը: Աւելի՛ն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը միտի «մեղուներու փեթակի» վերածել խորհրդարանը եւ յաճախակի, չըսելու համար մարաթոն նիստերով վաւերացնել կառավարութեան կողմէ իրեն յղուելիք ամավարկի նախագիծը, ինչպէս ակնարկած էր երէկ երեսփոխան Եասին Ժապեր` Պըրրիին վերագրելով իր խօսքերը: Հոսկէ` ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հաւաստիացումը, թէ առաւելագոյնը մինչեւ յառաջիկայ մարտ ամսուան աւարտը  պէտք է վաւերացուի պետական ամավարկը:

Նոյն ծիրին մէջ, Մուսթաքպալ հոսանքը երէկ իր հերթական նիստի աւարտին անհրաժեշտ նկատեց պետական պիւտճէի վաւերացումը, նախքան յառաջիկայ ապրիլ ամիսը:

Իրերու այս դրութեան մէջ, ամավարկի քննարկման համար կառավարութեան կազմած սեղմ յանձնախումբը այսօր` չորեքշաբթի եւ վաղը` հինգշաբթի, յաջորդական նիստեր պիտի գումարէ գլխաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Իրենց կարգին, աշխատաւորական, կրթական թէ ելեկտրական ու յարակից մարզերու պաշտօնեաներ եւ սարակներ այսօր կը շարունակեն բողոքի ելոյթները` իրենց օրապահիկի հետապնդման հեւքով:

Նախորդը

2018-ի Խորհրդարանական Նախընտրական Օրակարգ

Յաջորդը

Հայ Սպան Կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովին Փոխգնդապետի Կոչում Շնորհուած Է

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.