Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախընտրական Շրջանին Զօրաշարժի Մատնուելով` Երկրի Իշխանութիւնները Լծուած Են Ներքին Թէ Արտաքին Հրատապ Հարցերու Հարթումին

February 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 մայիսին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քայլերն ու Իսրայէլի հետ նաւթահորերու սահմանային թնճուկը զօրաշարժի մատնեցին երկրի ղեկավարները:

Արդարեւ, անցնող շաբթուան ընթացքին 9-րդ նաւթահորին գծով  ցուցաբերուած Լիբանանի միասնական ու վճռական կեցուածքները շարունակուեցան եւ լիբանանեան այլապէս հակադիր կողմեր շեշտեցին Լիբանանի ջրային թէ նաւթային հարստութեան պահպանման ու օգտագործման կարեւորութիւնը: Այս իմաստով  հայեացքները սեւեռած են ամերիկացի բանագնաց դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ մագոգային խորհրդակցութեանց վրայ, եւ կ՛ակնկալուի, որ մօտերս ան կրկին Լիբանան այցելէ` փորձելով համոզել Լիբանանեան իշխանութիւնները 9-րդ նաւթահորին գծով:

Պիւտճէի Քննարկում Եւ Վաւերացում

Նմանապէս ներքին ճակատի վրայ աշխուժ ճիգեր կը բանեցուին հարթելու ցցուող արգելքները եւ լուծելու առկախ հարցերը, նախքան ընտրութեանց ժամկէտը: Այս ծիրին մէջ  առաջնահերթ քայլ կը նկատուի 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումը, որ կանաչ լոյս պիտի ըլլայ մշակուած ծրագիրներու իրագործման համար:

Առ այդ, նախարարաց խորհուրդը այսօր արտակարգ նիստ մը գումարելով պիտի քննէ երկրի պետական ամավարկը` առ ի վաւերացում:

«Մեր հիմնական մտահոգութիւնն է շարունակել Լիբանանը  շրջանի պատերազմներու հետեւանքներէն պաշտպանելու մեր քաղաքականութիւնը եւ զարկ տալ երկրի տնտեսութեան ու ամէն քայլի, որ երիտասարդներուն գործի առիթներ կը հայթայթէ եւ կը հարթէ ելեկտրականութեան, ջրային թէ աղբերու տագնապները», ընդգծեց վարչապետ Սաատ Հարիրի` շաբաթավերջին ընդունելով Պէյրութի ընտանիքներէն պատուիրակութիւն մը:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ ժողովականներուն պիտի ներկայացնէ երկրի ելեւմտական իրավիճակին եւ ամավարկին առնչուող զեկուցում մը: Ան մաղթեց, որ  նախարարներու մեծամասնութիւն գոյանայ` վաւերացնել կարենալու համար պետական ամավարկը:

Նոյն առումով խորհրդարանական ելեւմուտքի յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կարեւոր նկատեց եւ շեշտեց ամավարկի վաւերացման հրամայականը, նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններու ժամկէտը: Քանաան լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ, որ ժամկէտները տակաւին ձեռնտու են ամավարկի վաւերացման գծով, հակառակ այն մտավախութիւններուն, որ նախընտրական բազմազբաղութեան բերումով ներկայութեան մեծամասնութիւն կրնայ չգոյանալ:

Տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի իր կարգին շեշտեց ամավարկի վաւերացման առաջնահերթութիւնն ու կարեւորութիւնը, նախքան երկու ամիս ետք նախատեսուող «Փարիզ-4»-ի, անոր յաջորդող «Հռոմ-2»-ի եւ Պրիւքսելի համագումարները: Տնտեսութեան նախարարը նախընտրեց առանց ամավարկի վաւերացման ձեռնունայն չներկայանալ Լիբանանին զօրակցելու կոչուած նշեալ համագումարներուն: Ան շեշտեց «Փարիզ-4»-ի կարեւորութիւնը, որ նիւթական խոստմնալից ներդրումով խթան պիտի հանդիսանայ երկրի տնտեսական մարզին ու առհասարակ ընդհանուր բարգաւաճման:

Նախընտրական Զօրաշարժ

6 մայիսին նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութեանց գծով նախապատրաստական քայլերն ու ընտրական բանակցութիւնները արդէն իսկ ընթացք առած ու որոշ ճամբայ կտրած են եւ կողմերը հերթաբար լծուած են իրենց ցանկերու ամբողջացման:

Այս առումով կը նախատեսուի, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր կամ վաղը ներկայացնէ Հըզպալլայի ընտրացանկը:

Զինք պիտի կանխէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ այսօր կէսօրին` յայտարարելով իր թեկնածուները:

Նմանապէս եւ Ազգային ազատ հոսանքը, որ իր լրիւ ընտրացանկը պիտի բացայայտէ յառաջիկայ մարտի կէսերէն ետք, երէկ առաջին քայլը առաւ նախկին երեսփոխան Սելիմ Աունի թեկնածութիւնը յայտարարելով Զահլէի մէջ: Այս գծով  իր կատարած այցելութեան ընթացքին Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Զահլէի զանազան կողմերուն եւ մարմիններուն հետ: Նախարար Պասիլ խիստ կարեւոր նկատեց Սելիմ Աունի ընտրութիւնը, «որուն ձախողութիւնը համազօր պիտի ըլլայ Ազգային ազատ հոսանքի ձախողութեան Զահլէի մէջ»:

«Մենք աւելի փոքր ենք Լիբանանէն, սակայն կուսակցութենէ մը աւելի մեծ ենք», յայտարարեց Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը:

Նոյնպէս կը նախատեսուի, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը  յառաջիկայ 24 մարտին յայտարարէ իր ընտրացանկը:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր կարգին շեշտեց ընտրութիւններու կայացման կարեւորութիւնը` լիբանանցիները յորդորելով խուռներամ շարքերով քուէարկութեան սնտուկներ փութալու:

Նախորդը

Սելինա Տողան Տիարպեքիրը Կոչած Է Տիգրանակերտ Եւ Վերածուած Թրքական Մամուլի Թիրախին

Յաջորդը

Քնեսեթը Կը Մերժէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.