Երէկ երեկոյեան «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին նախկին փոխվարչապետ Միշել Մըր, Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Էլիաս Ապու Սաապ եւ Հիւսիսային Մեթնի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածու Էտի Մաալուֆ: Անոնք դիմաւորուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի կողմէ: Այս հանդիպումի կայացումը արդիւնքն է երկարատեւ ճիգին եւ հետապնդումներուն նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ երեսփոխան Իպրապիմ Քանաանի հետ:
Քննարկուեցան Մեթնի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու թղթածրարի եւ դաշինքներու վերջնականացման հարցերը:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպումէն ետք «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ, որ Միշել Մըրի կողմէ վեթօ չկայ Ազգային ազատ հոսանքին հետ դաշինքին գծով, այլ ընդհակառակը, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ վեթօ չկայ եւ բոլոր կարելիութիւնները քննելի են: «Մենք ջանքեր կը թափենք մեր երկու դաշնակիցները համախմբելու, եւ մեր վեթոն միայն անոնց չդաշնակցելուն կը վերաբերի», շեշտեց Բագրատունի:
Իր կարգին, Միշել Մըր նոյն պատկերասփիւռի կայանին հաստատեց իր պատրաստակամութիւնը Ազգային ազատ հոսանքին հետ որեւէ դաշինքի նկատմամբ:



