Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018 Թուականը Կրօնական Զբօսաշրջութեան Տարի Հռչակելով` «Ունինք Երեք Հազար Սրբավայրեր Ընդգրկող Գանձ Մը, Որուն Արժէքը Չենք Գիտեր» Ընդգծեց Նախարար Աւետիս Կիտանեան

February 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին մեկնարկը յայտարարեց «2018 թուականը կրօնական զբօսաշրջութեան տարուան» եւ այս գծով մէկէ աւելի առիթներով արտայայտուեցաւ կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն մասին:

Շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեամբ նախարար Կիտանեան ըսաւ. «52 տարիներէ ի վեր կը փորձենք տնտեսական յատուկ դիրք ապահովել Լիբանանին, անոր քաղաքակրթութեանց հանդիպման օրրանը ըլլալու իրողութեան կողքին»: «Երէկ 2018 թուականը հռչակեցինք «կրօնական զբօսաշրջութեան տարի», եւ այս ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին բազմաթիւ ձեռնարկներ», աւելցուց նախարար Կիտանեան` նշելով, որ այս առիթով կարելի պիտի ըլլայ 25 զբօսաշրջային եւ յատկապէս կրօնական սրբավայրերու մասնագէտներ պատրաստել:

Մաղթելով, որ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն Լիբանան դառնայ նաւթային երկիրներու մակարդակին, զբօսաշրջութեան նախարարը ըսաւ. «Յառաջիկայ տարի պիտի սկսինք նաւթային պեղումներու, սակայն մեր ձեռքերուն մէջ ունինք այլ գանձ մը, որ կը դրսեւորուի Վատիկանի պապին բառերով` առաքելութեան երկրին Լիբանանի պատմութեան, կառոյցին եւ բնութեան ընդմէջէն, որ կ՛ընդգրկէ երեք հազար իսլամական եւ քրիստոնէական հոգեւոր սրբավայրեր, եւ ասիկա օրհնութիւն մըն է, եւ մեծ պետութիւններ կը ցանկան ունենալ գէթ անոր մէկ տասներորդը»: «Այլ խօսքով` ունինք գանձ մը, որուն արժէքը չենք գիտեր եւ որ կրնայ մեր երկիրը դասել զբօսաշրջութեան,  կրօնակա՛ն զբօսաշրջութեան առաջնակարգ դիրքին վրայ», ընդգծեց  նախարար Կիտանեան: Ան խոստացաւ իր պաշտօնավարութեան մնացեալ ժամանակաշրջանին եւ իր համեստ կարողութիւններով ճիգ չխնայել`  նպաստելու համար Լիբանանը իբրեւ կրօնական զբօսաշրջութեան ուխտավայր երկիր ներկայացնելու քարոզչութեան:

Միւս կողմէ, զբօսաշրջութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, որ կը հովանաւորէ այս գծով կայացող ձեռնարկներն ու տեղի ունենալիք «Կրօնական զբօսաշրջութեան ազգային համագումարը»` միաժամանակ բարձր գնահատելով արտաքին գործոց նախարարին ճիգերը այս առնչութեամբ:

Նախարար Կիտանեան այս առիթով բացայայտեց, թէ գործակցաբար արտաքին գործոց նախարարութեան հետ եւ արտերկրի մեր դեսպանատուներուն միջոցով, յատուկ նամակագրութեամբ եւրոպական պատկան երկիրներէն պիտի պահանջուի վերատեսութեան ենթարկել իրենց քաղաքացիներու Լիբանան այցելութիւնը արգելակող թելադրանքները, որոնք հիմնուած են անցեալի հին տեղեկութիւններու վրայ: «Նախագահ Միշել Աունի ընտրութենէն ի վեր իրագործում արձանագրեցինք ապահովական մարզին մէջ եւ կրցանք ահաբեկչութիւնը վանել Լիբանանէն դուրս` դառնալով աշխարհի ամէնէն ապահով վայրերէն մէկը», ընդգծեց նախարար Կիտանեան` դիտել տալով, որ Փարիզի մէջ յառաջացուած զբօսաշրջային գրասենեակին ճամբով , շաբաթական հերթականութեամբ յղուող հաղորդագրութիւններով կարելի կ՛ըլլայ զբօսաշրջային միջազգային ընկերութիւններն ու պանդոկները խրախուսել Լիբանան այցելելու: Կիտանեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Միտըլ իսթ» ընկերութեան եւ բոլոր այն կառոյցներուն ու ընկերութիւններուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր եւ մեծապէս կը նպաստեն զբօսաշրջութեան երթի յաջողութեան:

 

Նախորդը

Լիբանանցի Մը Եւ Անոր Սուրիացի Կինը Սպաննուած` Պոլսոյ Մէջ

Յաջորդը

Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովին Մասնակցելու Հրաւէր Ստանալով` Նախագահ Աուն Երեւանի Մէջ Պիտի Տեսակցի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հետ Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.