Խորհրդարանական նախընտրական քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը շարունակուեցան երէկ ու կարգ մը կողմեր նոր ընտրացանկեր ներկայացուցին: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, ցարդ ընդամէնը 74 թեկնածուներու անուններ կրող տարբեր ընտրացանկեր ներկայացուած են:
Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ Ազգային ազատ հոսանքի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ նախանցեալ գիշերուան հանդիպումը պիտի շարունակուի յառաջիկայ օրերուն եւս: Ըստ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի» պատկերասփիւռի կայանին, մօտալուտ հանդիպում մը պիտի կայանայ Ազգային ազատ հոսանքի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի պատկան ներկայացուցիչներուն եւ ընտրական մասնագէտներուն միջեւ` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի:
Ըստ նոյն աղբիւրին, Սայտայի եւ Ժեզզինի ընտրական պատկերին գծով կայացած նախորդ հանդիպումին կողքին յառաջիկայ խորհրդակցութիւնները պիտի կեդրոնանան իւրաքանչիւր շրջանի վրայ անջատաբար, թէեւ ցարդ յստակ պատկերացում կարելի չէ ներկայացնել կողմերուն միջեւ ընտրական ռազմավարութեան գծով:
Նոյն ծիրին մէջ եւ դարձեալ ըստ «Էմ.Թի.Վի.»-ի կը նախատեսուի, որ այսօր` չորեքշաբթի երեկոյեան ընտրական «կարեւոր» հանդիպում-ժողով մը կայանայ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի տան մէջ, Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ` ներկայութեամբ Շանթալ Սարգիսի (Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն) եւ Նեսիպ Հաթեմի (Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն):
Այլ գետնի վրայ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` անդամակցութեամբ Հատի Ապու Հասնի եւ Հիշամ Նասրէտտինի, այսօր հանդիպում պիտի ունենան Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը պիտի կազմեն Շուֆ-Ալէյ շրջաններու թեկնածուներուն գծով ընտրական բանակցութիւններու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական դիւանը երէկ որոշեց ներկայացնել հետեւեալ թեկնածուներու ընտրացանկը.-
– Միրա Ուաքիմ, յոյն կաթողիկէ աթոռին, Զահրանիի մէջ:
– Ժոզեֆ Նահրա, մարոնի աթոռին, Ժեզզինի մէջ:
– Ռեմոն Նամմուր, յոյն կաթողիկէ աթոռին, Ժեզզինի մէջ:
– Էլի Մարունի, մարոնի աթոռին, Զահլէի մէջ:
– Շարլ Սէպա, ուղղափառ աթոռին, Զահլէի մէջ:
– Շաքեր Սալամէ, մարոնի աթոռին, Քեսրուանի մէջ:



