6 մայիսին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութեան նախընտրական քայլերուն մէջ ընտրացանկերու շուրջ բանակցութիւններն ու յարակից քայլերը կը շարունակուին եւ առնչակից իւրաքանչիւր կողմ նախանձախնդիր է իր ընտրական ծրագիրով թէ ցանկերով քուէարկողներու առաւելագոյն թիւ ներգրաւելու:
Այս ծիրին մէջ սերտ ճիգերն ու հանդիպումները շարունակուեցան նաեւ երէկ: Այդ հանդիպումներու նորագոյն ու ամէնէն «թարմը» կը թուի ըլլալ Ազգային ազատ հոսանքի հանդիպումները Զահլէէն ետք Մեթնի թէ Պէյրութի ընտրաշրջաններուն գծով: Առ այդ, երէկ երեկոյեան սեղմ հանդիպում մը կայացած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ: Վարչապետի կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ կայացած այդ խորհրդակցութեանց ներկայ գտնուած է նաեւ վարչապետի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար, սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան «Կը պաշտպանենք ու կը կառուցենք» կարգախօսով յայտարարեց Հըզպալլայի թեկնածուներու ընտրացանկը , որ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ անունները.-
Պեքաայի 3-րդ ընտրաշրջան-Պաալպեք-Հըրմել
– Դոկտ. Հիւսէյն Հաժ Հասան
– Ալի Մքտատ
– Իպրահիմ Ալի Մուսաուի
– Իհապ Ուրուէ Համատէ
Պեքաայի առաջին ընտրաշրջան- Զահլէ
– Անուար Հիւսէյն Ժումուհա
Լեռնալիբանանի 3-րդ ընտրաշրջան-Պաապտա
– Հաժ Ալի Ամմար
Ժիպէյլ-Քեսրուան
– Շէյխ Հիւսէյն Մոհամետ Զաայթեր
Պէյրութի 2-րդ ընտրաշրջան
– Հաժ Ամին Շերրի
Հարաւի 3-րդ ընտրաշրջան- Նապաթիէ, Պընթ Ժպէյլ, Մարժեհիուն, Հասպայա
– Մոհամետ Ռաատ
– Դոկտ. Հասան Ֆատլալլա
– Դոկտ. Ալի Ֆայատ
Հարաւի 2-րդ ընտրաշրջան- Սուր, Զահրանի
– Նաուաֆ Մուսաուի
– Հիւսէյն Սայիտ Ժաշշի
Նաեւ` Ամալ Շարժումը
Նախքան այդ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիս մը տուաւ եւ «Լիբանան` յոյսը» նշանախօսքով ներկայացուց «Ամալ» շարժումի ընտրական ծրագիրն ու թեկնածուներու ցանկը: Ան իր խօսքին մէջ վերահաստատեց, որ կառչած կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին, ներքին միասնականութեան , ժողովուրդ-բանակ-դիմադրութիւն երրորդութեան, Լիբանանի հողային, թէ ջրային սահմաններու ամբողջականութեան պահպանման եւ այլն: Ան պահանջեց ընդհանուր ներում շնորհել ոչ ահաբեկչական պատճառներով արգելափակուած բանտարկեալներուն:
Ան յայտարարեց Ամալ շարժումի Ազատագրումի եւ բարգաւաճման հետեւեալ թեկնածուներու անունները.
Հարաւի 2-րդ ընտրաշրջան- Սուր, Զահրանի
– Ալի Խրէյս
– Ինայա Իզզէտտին
– Նեպիհ Պըրրի
– Ալի Օսէյրան
– Միշել Մուսա
Հարաւի 3-րդ ընտրաշրջան- Պընթ Ժպէյլ, Նապաթիէ, Մարժեհիուն, Հասպայա
– Այուպ Հմայէտ
– Ալի Պեզզէ
– Եասին Ժապեր
– Հանի Քոպէյսի
– Ալի Հասան Խալիլ
– Անուար Խալիլ
– Քասեմ Հաշեմ
Պեքաայի 2-րդ ընտրաշրջան- Ռաշայա, Արեւմտեան Պեքաա
– Մոհամետ Նասրալլա
. Պեքաայի 3-րդ ընտրաշրջան
– Ղազի Զաայթեր
Պէյրութի 2-րդ ընտրաշրջան
– Մոհամետ Խաուաժա
Լեռնալիբանանի 3-րդ ընտրաշրջան-Պաապտա
– Դոկտ. Ֆատի Ալամէ



