Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին անձրեւի սաստիկ ու անընդհատ հեղեղը մարդկային զոհեր ու մեծ կորուստներ պատճառեց երկրի զանազան շրջաններուն մէջ` ընդվզումի լայն ալիք բարձրացնելով առանց այդ ալ ապրուստի հոգերով ծանրաբեռնուած քաղաքացիներու մեծամասնութեան մօտ:
Արդարեւ, 1954-էն ի վեր աննախընթաց անձրեւի անդադար հեղեղը ողողեց մայրաքաղաք Պէյրութի եւ արուարձաններու զանազան թաղամասերը:
1200 մեթրէն բարձր շրջաններուն մէջ ձիւնը հասաւ 10-15 սանթիմեթրի:
Թրիփոլիի մէջ Շըլֆէ գետը յորդելով վտանգի ենթարկեց համանուն կամուրջը, որ Զղարթան կը միացնէ Ապի Սամրային: Անձրեւի հոսքը իր ուժգնութեամբ դէպի գետ մղեց Հաուշար ընտանիքէն վարորդի մը ինքնաշարժը, իսկ վարորդը հրաշքով կարելի եղաւ փրկել:
Շրջանի քաղաքապետութիւնը, քննելէ ետք կամուրջին վիճակը, փակեց զայն, անգործածելի եւ վտանգաւոր նկատելով:
Շրջանի պատասխանատուներէն ոմանք եւ Փրկութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր փութացին վնասուած վայրերը` խոստանալով անմիջական անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել:
Մընիէի մէջ աւելի քան յիսուն ընտանիքներ պաշարուեցան անձրեւի հեղեղով` չկարենալով ապահով վայր մը ապաստանիլ: Տեղւոյն քաղաքապետութեան պատկան մարմինները փութացին օգնութեան եւ շրջանը մաքրեցին կուտակուած հեղեղներէն:
Իսկ թանգարան-Թայյունէի ճամբան երկու ուղղութեամբ փակուեցաւ անձրեւի հեղեղային կուտակումներուն պատճառով:
Հիւսիսային եւ Արեւմտեան Պեքաայի, Հերմելի, Պաալպեքի, Թաալապայայի, Քարաոնի եւ այլ շրջաններու մէջ անձրեւի հեղեղները փճացուցին նաեւ մեծ տարածութեամբ երկրագործական ցանքեր: Նաեւ մեծ վնասներ կրեցին թռչնաբուծութեան եւ անասնապահութեան բնագաւառները: Նշեալ մէկ վայրին մէջ յայտարարուեցաւ 11 հազար հաւերու փճացումը հեղեղին պատճառով:



