Մինչ Այս Շաբթուան Ընթացքին Կարելի Կ՛ըլլայ Յստակացնել Ընտրական Դաշինքները, Այսօր Լիբանան Կ՛այցելէ Սէուտցի Պատուիրակ Մը
Կը նախատեսուի, որ այս շաբթուան ընթացքին քաղաքական ուժերուն միջեւ յստականան ընտրական դաշինքները, ինչպէս նաեւ վաւերացուի 2018-ի պետական ամավարկը: Երեսփոխանական ընտրութիւններու շրջագիծին մէջ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրամեքենայի պատասխանատու Նեսիպ Հաթեմ անցեալ շաբաթավերջին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իրենց իմացուցած է, թէ Մեթնի մէջ կը փափաքի առանձին ընտրացանկ կազմել: Հաթեմ հաստատած է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Ազգային...




















