Շրջանային թէ տեղական իրադարձութեանց լոյսին տակ երկրի քաղաքական թէ պետական ղեկավար շրջանակներու ուշադրութեանց առանցքը կազմեցին հիմնական կարգ մը անկիւնադարձային դէպքեր:
Արդարեւ, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 13-րդ տարելիցի ոգեկոչման հաւաքէն ետք, հայեացքները կեդրոնացան ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին` Ռեքս Թիլըրսընի Լիբանան այցելութեան եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի այսօր երեկոյեան նախատեսուող ճառին վրայ:
Այս իմաստով, նախագահ Միշել Աունի իշխանութեան օրով առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն երէկ քանի մը ժամով այցելեց Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցաւ երկրի իշխանութեան երեք պետերուն` նախագահ Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Երկրի վարիչներուն հետ Թիլըրսընի խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան գլխաւորաբար երկկողմանի յարաբերութեանց, Լիբանանի կազային թէ նաւթային իրաւունքներուն, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ իսրայէլեան պատնէշի կառուցման եւ առնչակից հարցերու վրայ:
Այս առիթով ամերիկացի նախարարը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման` խոստանալով իր երկրին մասնակցութիւնը Լիբանանի բարգաւաճման թէ բանակի զօրացման միտող յառաջիկայ համագումարներուն` Հռոմի, Պրիւքսելի եւ Փարիզի մէջ: Թիլըրսըն չմոռցաւ վերահաստատելու իր երկրին կեցուածքը նաեւ Հըզպալլայի գծով` զայն նկատելով իր քաղաքական թէ զինուորական թեւերով «ահաբեկչական» կազմակերպութիւն: Թիլըրսընի այս կեցուածքը դուռ բացաւ զանազան արձագանգներու:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետի մը բարձր մակարդակի վերջին այցելութիւնը կատարած էր նախկին արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի, յունիս 2014-ին: Սակայն նախորդող օրերուն դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի Լիբանան այցելութիւնը եւ անոր յաջորդող Թիլըրսընի կարճատեւ այցելութիւնը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ շրջանին մէջ միջազգային մրցակցութեան գծով ազդեցութեան գօտիներու ամրապնդումի փորձ:
Փաստօրէն, 9-րդ նաւթահորին գծով իսրայէլեան սպառնալիքներու ստեղծած ապահովական անկայունութեան վտանգէն անդին, լիբանանեան նաւթահորերու խոստացած տնտեսական ախորժակները հիմնական խթան են Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուող միջազգային «հոգածութեան»: Այս ծիրին մէջ գլխաւոր ժամկէտ կը նկատուի ընթացիկ փետրուար ամսուան վերջաւորութեան նախատեսուող ռուսական, ֆրանսական եւ իտալական նաւթային ընկերութեանց համագումարը, որուն ընթացքին պիտի արծարծուի նաեւ լիբանանեան 4-րդ եւ 9-րդ նաւթահորերու հարցը: Պատահական չէ, որ ռուսական քարիւղային մեծագոյն ընկերութիւնը` «Նովաթաք», մաս կը կազմէ նշեալ ընկերութեանց: Նմանապէս, Ռուսիա վերջերս թելադրեց իր պատկան մարմիններուն` զինուորական համաձայնութիւններ կնքելու լիբանանեան պատկան կողմերուն հետ, բանակի հզօրացման եւ զայն զինամթերքով օժտելու գծով:
Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Իր Սահմաններուն»
Պաապտայի պալատին մէջ, ընդունելով նախարար Թիլըրսընն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, նախագահ Միշել Աուն երէկ վերահաստատեց Լիբանանի խաղաղարար կեցուածքը` ընդգծելով, որ Լիբանան հետամուտ չէ կացութեան բռնկեցման եւ պատերազմի չի ձգտիր որեւէ երկրի հետ, այլ պարզապէս նախանձախնդիր է իր սահմաններուն ապահովութեան եւ կառչած կը մնայ իր ծովային, օդային, թէ ցամաքային իրաւունքներուն: Նախագահ Աուն այս առիթով ամերիկացի հիւրէն, ՄԱԿ-էն եւ առհասարակ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց փութալ զսպելու իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, յարգել ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը եւ պահպանել 2006-էն ի վեր տիրող կայունութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով լիբանանեան բանակին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութեանց համար` նախագահ Աուն նախարար Թիլըրսընէն պահանջեց օժանդակել սուրիական տագնապի խաղաղարար լուծման, սուրիացի գաղթականներու ապահով եւ հանգրուանային տունդարձին` նշելով, որ Լիբանան հիւրընկալած է մէկ միլիոն 850 հազար սուրիացի գաղթական, ինչ որ խիստ ծանր կ՛ազդէ Լիբանանի ընկերային թէ տնտեսական կացութեան վրայ:
Հանդիպում` Նախարար Ժըպրան Պասիլի Հետ
Նշենք, որ նախագահ Աունի հետ իր տեսակցութենէն ետք, նախարար Թիլըրսըն անջատ խորհրդակցութիւն ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ, որ ներկայ էր Պաապտայի խօսակցութեանց:
Հարիրի. «Իսրայէլի Հետ Մնայուն Զինադուլ Կ՛ուզենք»
Վարչապետարանին մէջ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տալով` վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ամերիկացի նախարարէն պահանջած է Հարաւի մէջ Իսրայէլի հետ սահմանը հանդարտ պահել: Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Իսրայէլի հետ մնայուն զինադուլ կ՛ուզէ: «Նախարար Թիլըրսընին ըսի, թէ արաբական երկիրներուն հետ կ՛ուզենք լաւագոյն յարաբերութիւնները հաստատել», ըսաւ վարչապետ Հարիրի` ընդգծելով Լիբանանի իրաւունքը շրջանային ջուրերուն մէջ իր բնական հարստութիւնները ստուգելու եւ բացայայտելու: Հարիրի վերահաստատեց, որ լիբանանեան դրամատնային մարզը կայուն է եւ անկիւնաքարը կը կազմէ լիբանանեան տնտեսութեան: «Մեզի համար երկխօսութիւնը հարցերու լուծման լաւագոյն ձեւն է լիբանանեան կողմերուն միջեւ», ընդգծեց Հարիրի:
Նաեւ` Այն Թինէի Մէջ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իր կարգին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ: Այս առիթով խորհրդարանի նախագահը ամերիկացի հիւրերուն ներկայացուց իսրայէլեան յաճախակիօրէն կրկնուող ոտնձգութիւնները եւ լիբանանեան խորհրդարանին վաւերացուցած դրամատնային եւ ելեւմտական որոշումները, որոնք կը համընկնին միջազգային օրէնքներու տրամադրութիւններուն: Այս առիթով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախարար Թիլըրսընի հետ արծարծեց նաեւ ամերիկեան օժանդակութեանց կասեցումը պաղեստինցիներուն նպաստող ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին յատկապէս Լիբանանի մէջ: Ան նաեւ շեշտեց քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը սուրիական տագնապին գծով:



