«Լիբանանի նախագահին Հայաստան այցելութիւնը նոր էջ մը կը բանայ երկու երկիրներու յարաբերութեանց մէջ», յայտարարեց Հայաստան ժամանող Լիբանանի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Արմէնփրես»-ի հետ իր զրոյցի ընթացքին: Բագրատունի ըսաւ, թէ անկախ այն իրողութենէն, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բաւական բարձր մակարդակի վրայ են եւ գործօն աշխատանք կը կատարուի տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, գիտական եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ եւ խորհրդարանական մակարդակներու վրայ` միեւնոյնն է, Լիբանանի նախագահին այցելութիւնը կու գայ նոր շունչ հաղորդելու այդ յարաբերութեանց:
«Լիբանանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու միջեւ կապը միշտ ամուր հիմքերու վրայ եղած է եւ այս այցելութեամբ այդ կապը առաւել եւս պիտի ամրապնդուի: Լիբանանի նախագահին Հայաստան այցելութեամբ նոր հորիզոններ կը բացուին երկու երկիրներու յարաբերութեանց մէջ: Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան աշխուժ գործունէութեան մէջ է, յաւելեալ ջանք կը գործադրէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները առաւել եւս բարելաւելու առումով», ըսաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Ան նկատեց, որ Լիբանանի նախագահը շատ երկիրներ ճամբորդելու տրամադրութիւն չի ցուցաբերեր, մանաւանդ որ այս օրերուն Լիբանան կը գտնուի խորհրդարանական նախընտրական փուլի մէջ, իսկ միւս կողմէ` ենթակայ է իսրայէլեան սպառնալիքներու: Ահա թէ ինչո՛ւ Լիբանանի նախագահին ներկայիս Հայաստան այցելութիւնը ինքնին խոր յարգանք կը վկայէ:
«Ես կը կարծեմ, որ երկու երկիրները համագործակցութեան մեծ ներուժ ունին, որ սակայն բաւարար չափով չ՛օգտագործուիր: Պէտք է համագործակցութիւնը աշխուժացնել տնտեսական դաշտին եւ քաղաքական հատուածին մէջ: Զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ մեծ կարելիութիւններ կան, որոնք պէտք է օգտագործուին: Ի դէպ, այս գծով նշեմ, որ Լիբանանի նախագահի պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան», ըսաւ ան:
Բագրատունի ընդգծեց, որ երկու երկիրներու սերտ յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր դեր ունի հայ համայնքը: Լիբանանի հայութիւնը դարերու ընթացքին Լիբանան ապաստանած տարբեր շրջաններու հայերու շարունակութիւնն է: Անոնցմէ շատեր Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներ էին, որոնք ապաստան գտան Լիբանանի մէջ: Լիբանանի հայ համայնքը երկրի հիմնական 7 համայնքներէն մէկն է` իր իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով:
Երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին լիբանանահայ հայ համայնքն իր գործօն մասնակցութիւնը ցուցաբերած է երկրի քաղաքական, տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներուն մէջ:
Այսօր լիբանանեան խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է 6 հայ երեսփոխան, կառավարութեան մէջ կայ երկու հայ նախարար, ինչպէս նաեւ հայեր կան պետական տարբեր հաստատութիւններու մէջ:
«Երկրի սահմանադրութեամբ բոլոր անհրաժեշտ պայմանները առկայ են` մեր մշակոյթը, լեզուն պահպանելու, եկեղեցական ազատութիւններ ունենալու համար: Այդ առումով կրնամ յայտնել, որ Լիբանան լաւագոյն միջավայրն է: Այսօր Լիբանանի մէջ կ՛ապրին 130-150 հազար հայ: Յառաջիկային կը նախատեսուին խորհրդարանական ընտրութիւններ, Լիբանանի հայկական կուսակցութիւնները պիտի ունենան գործօն մասնակցութիւն, կը փորձեն միասնական ճիգով ներկայանալ` խորհրդարան հասցնել լիբանանահայութեան լաւագոյն ներկայացուցիչները, որոնք ո՛չ միայն համայնքի ներկայացուցիչներ են, այլեւ` համայն Լիբանանի երեսփոխաններ» աւելցուց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:



