Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Բանակային Սպաննած  Ոեւէ Ամբաստանեալի Ներում Պիտի Չշնորհեմ»

Նախագահ Աուն. «Բանակային Սպաննած Ոեւէ Ամբաստանեալի Ներում Պիտի Չշնորհեմ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնն ու բանակին կարիքները: Սարրաֆ նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ 2018-ի Միւնիխի ապահովական խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուած հարցերուն մանրամասնութիւնները` շեշտելով, որ ինք ներքին եւ շրջանային հարցերուն մասին Լիբանանի կեցուածքը ներկայացուցած է խորհրդաժողովին ընթացքին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Կիպրոսի, Յունաստանի եւ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարներուն...

Նախարար Կիտանեան Զուիցերիոյ  Դեսպանին Հետ Քննարկեց Զբօսաշրջութեան  Բնագաւառին Մէջ  Գործակցութեան Ամրապնդումը

Նախարար Կիտանեան Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Զբօսաշրջութեան Բնագաւառին Մէջ Գործակցութեան Ամրապնդումը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս` զբօսաշրջութեան բնագաւառին վերաբերող: Դեսպանը նախարար Կիտանեանին ներկայացուց զուիցերիացի զբօսաշրջիկներուն արձանագրած թիւի աճը` նշելով, որ 2017-ի տուեալներով անոնց թիւը գերազանցած է 17 հազարը` արձանագրելով 15 առ հարիւրի աճ մը: Ան նախատեսեց, որ զուիցերիացի զբօսաշրջիկներուն թիւը այս տարի աճ արձանագրէ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան...

Պըրրի. «Սէուտցի Պատուիրակէն Դրական  Արտայայտութիւններ Լսեցի Լիբանանի  Եւ Անոր Պատմական Դերակատարութեան Մասին»

Պըրրի. «Սէուտցի Պատուիրակէն Դրական Արտայայտութիւններ Լսեցի Լիբանանի Եւ Անոր Պատմական Դերակատարութեան Մասին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի անդրադարձաւ սէուտցի պատուիրակ Նիզար Օլուլայի Լիբանան կատարած այցելութեան` յայտնելով, որ ինք սէուտցի պատուիրակէն դրական արտայայտութիւններ լսած է Լիբանանի եւ անոր պատմական ու քաղաքակրթական դերակատարութեան մասին: Պըրրի նշեց, որ Օլուլա պիտի վերադառնայ Լիբանան, ուր պիտի շարունակէ քաղաքական անձնաւորութիւններուն...

Ղասսան Հասպանի Նախագահեց 2018-ի  Պետական Ամավարկի Քննարկման Նիստին

Ղասսան Հասպանի Նախագահեց 2018-ի Պետական Ամավարկի Քննարկման Նիստին

Փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2018-ի պետական ամավարկի քննարկման նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Աւետիս Կիտանեան, Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ռաէտ Խուրի եւ Եուսեֆ Ֆընիանոս, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել: Նիստէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումը կատարեալ լրջութեամբ շարունակած են` աւելցնելով,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դսպան Ալի պըն Համատ Մըրիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց Երուսաղէմի հրէականացումը` խստիւ դատապարտելով քրիստոնէութեան դէմ բանեցուած արշաւը, ինչպէս նաեւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դռներուն փակումը: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի...

Սէուտցի Պատուիրակը Աւարտեց Լիբանան  Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

Սէուտցի Պատուիրակը Աւարտեց Լիբանան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

Սէուտցի պատուիրակ Նիզար Օլուլա երէկ աւարտեց Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը` հանդիպումներ ունենալէ ետք լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններու եւ քաղաքական պատասխանատուներու հետ: Պէյրութ այցելութեան շրջագիծին մէջ Օլուլա այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` ընկերակցութեամբ նախարար Ուալիտ Պուխարիի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ անիկա մտերմիկ էր` աւելցնելով, որ...

Նախագահ Աուն Քննարկեց  Քաղաքական Եւ Դատական Հարցեր

Նախագահ Աուն Քննարկեց Քաղաքական Եւ Դատական Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցերը, յատկապէս Արդարութեան պալատներուն մէջ ընթացող դատավարութիւններուն յաճախականութեան եւ դատական մարմինին կապուած խնդիրները: Քննարկուեցան նաեւ 2018-ի պետական ամավարկը եւ անոր ընդգրկած այն կէտը, որ կը վերաբերի դատական մարզի ուսանողներուն կրթանպաստներու ճշդումին, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան մօտ...

Հարիրի Նախագահեց 2018-ի Պետական  Ամավարկի Նախագիծի Քննարկումի Նախարարական  Յանձնախումբի Նիստին Եւ Ընդունեց Ռիաշին

Հարիրի Նախագահեց 2018-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծի Քննարկումի Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին Եւ Ընդունեց Ռիաշին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2018-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումի նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ էին փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, նախարարներ Աւետիս Կիտանեան, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Ռաէտ Խուրի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Այման Շքէյր եւ Միշել Ֆարաոն, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել: Նիստէն ետք նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ նախարարութիւններուն պիւտճէները...

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Կը Ջանան Կանխարգիլել  Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Հաւանական Լարուածութիւնը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Կը Ջանան Կանխարգիլել Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Հաւանական Լարուածութիւնը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահ առաքելութեան ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Լաքրուա Պէյրութ կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը ջանան կանխարգիլել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հաւանական լարուածութիւնը` զգուշացնելով նաւթահորերու պեղումին եւ սահմանային քարաշէն պատնէշին կառուցման առթած սպառնալիքներէն: «Նախապէս մենք վկայած ենք երկու կողմերուն միջեւ արձանագրուած լուրջ հարցերու, եւ համոզուած եմ, որ կը գտնուինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ, երբ...

Ռիչըրտ Իպրահիմի Եւ Սինիորայի Հետ  Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Ռիչըրտ Իպրահիմի Եւ Սինիորայի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկեան դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները: Ռիչըրտ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ շրջանի ներկայ իրավիճակը:  

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը  Հաստատեց, Որ Պետական Ամավարկը Ընտրական  Թղթածրարի Պէտք Չէ Վերածել

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Հաստատեց, Որ Պետական Ամավարկը Ընտրական Թղթածրարի Պէտք Չէ Վերածել

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք ինը տարուան ընթացքին պետական ամավարկի գոյութիւնը պահանջող ռահվիրաներէն եղած են` աւելցնելով, որ պետական ամավարկը պէտք է բարեկարգումներով լեցուն ըլլայ: Քանաան յայտնեց, որ պետական ամավարկը եւ կարգ մը այլ կարեւոր...

Մուսթաքպալ Պլոքը Ողջունեց  Օլուլայի Լիբանան Այցելութիւնը

Մուսթաքպալ Պլոքը Ողջունեց Օլուլայի Լիբանան Այցելութիւնը

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Մուսթաքպալ պլոքը կ՛ողջունէ սէուտցի պատուիրակ Նիզար Օլուլայի Լիբանան այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանին մօտ զետեղուած յուշամատեանին մէջ անոր ձգած արձանագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուէր, թէ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապին առաջարկով եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հաւանութեամբ, գերապայծառ Ժոզեֆ Սապիթիրի պիտի նշանակուի Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը դատական իշխանութիւններուն յանձնեց ահաբեկչական բջիջ մը, որ կապուած է Ժապհաթ Նուսրային: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրեց` Թրիփոլի-Մընիէ-Տըննիէ ընտրաշրջանէն: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Իսրայէլ կը չափազանցէ Պաղեստինի սրբութիւնները պղծելու իր...

Յ. Բագրատունի, Ժ. Պասիլ Եւ Ն. Հարիրի  Կը Քննարկեն Ընտրական Ընդհանուր Կացութիւնը

Յ. Բագրատունի, Ժ. Պասիլ Եւ Ն. Հարիրի Կը Քննարկեն Ընտրական Ընդհանուր Կացութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Նատեր Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն 4:00 հանդիպում մը ունեցան Պուսթրոս պալատին մէջ: Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընտրութիւններուն ընդհանուր կացութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս Պէյրութի, Զահլէի եւ Մեթնի ընտրաշրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ...

«Տակաւին Ժամանակ Կայ Թեկնածուներուն  Անունները Յայտարարելու»   Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Տակաւին Ժամանակ Կայ Թեկնածուներուն Անունները Յայտարարելու» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ օր «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան: Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ թեկնածութիւնները առաջադրելու իմաստով ՀՅԴ-ի սովորութիւնն է վերջին քանի մը ժամուան ընթացքին յայտարարել թեկնածուներուն ինքնութիւնը: «Այս շրջագիծին մէջ կրնանք 4-5 մարտին յայտարարել մեր թեկնածուները, 5-6...

Սէուտցի Պատուիրակը Նախագահ Աունին  Փոխանցեց Ռիատի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Սէուտցի Պատուիրակը Նախագահ Աունին Փոխանցեց Ռիատի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց սէուտցի պատուիրակ Նիզար Օլուլան` ընկերակցութեամբ նախարար Ուալիտ Պուխարիի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպի: Օլուլա աւարտելէ ետք նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումը Պաապտայէն մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու: Աւելի ուշ, նախագահական պալատը հաղորդեց, որ սէուտցի պատուիրակը նախագահ Աունին փոխանցած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն...

«Լիբանան Ինքնապաշտպանութեան Պիտի Դիմէ  Իսրայէլի Կողմէ Իր Դէմ Գործուած  Որեւէ Յարձակումի Պարագային»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Ինքնապաշտպանութեան Պիտի Դիմէ Իսրայէլի Կողմէ Իր Դէմ Գործուած Որեւէ Յարձակումի Պարագային» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահ առաքելութեան ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Լաքրուան, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան յանձնառու է հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանումին, սակայն միաժամանակ պատրաստ է ինքնապաշտպանութեան դիմելու` Իսրայէլի կողմէ իր դէմ գործուած որեւէ յարձակումի պարագային: Ան հաստատեց, որ Իսրայէլ միշտ կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւն ու...

Նախարար Կիտանեան Մայլզի Հետ Քննարկեց  Աւստրալիացի Զբօսաշրջիկներուն  Լիբանան Այցելութեան Կարելիութիւնը

Նախարար Կիտանեան Մայլզի Հետ Քննարկեց Աւստրալիացի Զբօսաշրջիկներուն Լիբանան Այցելութեան Կարելիութիւնը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս` զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող: Նախարար Կիտանեան Մայլզին ներկայացուց լիբանանեան զբօսաշրջութեան իւրայատկութիւնները` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան ծագումով աւստրալիացիներ գլխաւորաբար ամրան կ՛այցելեն Լիբանան: Մայլզ փափաք յայտնեց, որ աւստրալիացի զբօսաշրջիկներու Լիբանան այցելութիւնը աւելի աշխուժանայ եւ այդ առումով առկայ որոշ հարցեր լուծուին: Ակնարկելով այդ հարցերուն` Ա. Կիտանեան...

Հարիրի Նախագահեց 2018-ի Պետական Ամավարկի  Քննարկումի Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Հարիրի Նախագահեց 2018-ի Պետական Ամավարկի Քննարկումի Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումի նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ էին փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Ռաէտ Խուրի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Այման Շքէյր եւ Միշել Ֆարաոն, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահ առաքելութեան ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի պետական ամավարկը 5 մարտէն առաջ վաւերացնելու: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին նկատի ունենալու այն ընտրացանկը որ լաւագոյնս կը պաշտպանէ լիբանանցիներուն շահերը: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ սէուտական պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ...

Page 665 of 987 1 … 664 665 666 … 987

Արխիւներ