ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահ առաքելութեան ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Լաքրուա Պէյրութ կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը ջանան կանխարգիլել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հաւանական լարուածութիւնը` զգուշացնելով նաւթահորերու պեղումին եւ սահմանային քարաշէն պատնէշին կառուցման առթած սպառնալիքներէն:
«Նախապէս մենք վկայած ենք երկու կողմերուն միջեւ արձանագրուած լուրջ հարցերու, եւ համոզուած եմ, որ կը գտնուինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ, երբ փոխադարձ յայտարարութիւնները լարուածութիւն կը յառաջացնեն», ըսաւ Լաքրուա` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը շատ կարեւոր է` կանխարգիլելու համար տագնապները: Ան ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերը լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ մնայուն կապի մէջ են` լուծումներու յանգելու նպատակով:
Լաքրուա նշեց, որ քարաշէն պատնէշի կառուցումը չէ իսկական հարցը, այլ` այդ պատի կառուցման վայրը:



