Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դսպան Ալի պըն Համատ Մըրիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց Երուսաղէմի հրէականացումը` խստիւ դատապարտելով քրիստոնէութեան դէմ բանեցուած արշաւը, ինչպէս նաեւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դռներուն փակումը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով, տիզըլ օյլին սակը` 300 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ հաստատեց, որ 7 մայիսէն ետք ամէն բան պիտի ցնցուի եւ ոչինչ կարելի պիտի ըլլայ իր նախկին տեղը պահել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ սէուտական պատուիրակութիւնը Պէյրութ այցելութեան ընթացքին լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չէ եղած: Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը քաղաքական տարբեր ուժերու հետ կը խորհրդակցի` ընտրական դաշինքները յստակացնելու նպատակով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ սէուտցի պատուիրակ Նիզար Օլուլայի Լիբանան այցելութիւնը կը միտի Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ նոր յարաբերութիններ հաստատել: Ան նշեց նաեւ, որ պետական ամավարկին բովանդակած թիւերը երկրին ելեւմտական իրավիճակին համար մեծ գայթակղութիւն կը նկատուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը դաշինքներ գոյացնելու եւ ընտրացանկեր կազմելու իմաստով նոր ձեւ կը պարտադրէ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ առանց Հըզպալլայի գոյութեան Լիբանանի մէջ մարդ անհատը կորսնցուցած պիտի ըլլար պարկեշտութեան եւ հաւատարմութեան նկատմամբ իր հաւատքը:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախկին նախագահ Ատնան Քասսար մեծարուեցաւ Դրամատուներու միութեան կողմէ: Այս առիթով Քասսար շնորհակալութիւն յայտնեց Դրամատուներու միութեան` հաստատելով, որ անոնք դրամատնային բնագաւառը վերածած են ամուր եւ տոկուն բերդի մը:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ Տնտեական խորհուրդներու նախկին նախագահ Ատնան Քասսարի մեծարանքին ընթացքին բարձր գնահատեց անոր գործունէութիւնը` հաստատելով, որ Քասսար Լիբանանի անունը բարձր պահեց ներքին եւ արտաքին առումով:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել հաստատեց, որ սէուտցի պատուիրակ Նիզար Օլուլայի Լիբանան այցելութեան նպատակն էր վարչապետ Սաատ Հարիրին վերադարձնել Ռիատի գիրկը:

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առած Է Հաուշ Տաուահիրան

Յաջորդը

Ղասսան Հասպանի Նախագահեց 2018-ի Պետական Ամավարկի Քննարկման Նիստին

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.