Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտցի Պատուիրակը Աւարտեց Լիբանան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

February 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտցի պատուիրակ Նիզար Օլուլա երէկ աւարտեց Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը` հանդիպումներ ունենալէ ետք լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններու եւ քաղաքական պատասխանատուներու հետ:

Պէյրութ այցելութեան շրջագիծին մէջ Օլուլա այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` ընկերակցութեամբ նախարար Ուալիտ Պուխարիի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ անիկա մտերմիկ էր` աւելցնելով, որ սէուտցի պատուիրակը պիտի մեկնի Ռիատ: Իր կարգին, Օլուլա նշեց, որ Պըրրի ազգային տիպար մըն է, որ Լիբանանին յոյս եւ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:

Օլուլա այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սլէյման շեշտեց, որ սէուտական բարգաւաճման ծրագիրները պիտի վերադառնան Լիբանան` աւելցնելով, որ այդ պատճառով կարելի է երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Օլուլա այցելեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ սէուտցի բարձրաստիճան պատուիրակին այցելութիւնը փաստ մըն է, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանին կը զօրակցի իբրեւ պետութիւն եւ օրինականութիւն:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ընդունեց Օլուլան:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ կան յարաբերութիւններ, որոնք պէտք է ամրապնդուած մնան:

Օլուլա այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական պատմական յարաբերութիւնները:

Օլուլա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի:

Հանդիպումէն ետք Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ Ծոցի երկիրներուն մէջ ապրող լիբանանցիները կարգ մը անձնաւորութիւններուն որդեգրած կեցուածքներուն գինը պէտք չէ վճարեն:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը պայքարին, որ Լիբանան իր գերիշխանութիւնը վերահաստատէ ամբողջ երկրի տարածքին: «Այս առումով Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ամէն տեսակի զօրակցութիւն գնահատանքի արժանի է», ըսաւ Ժեմայէլ:

Ժեմայէլ աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը իրենց համար առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած որեւէ օժանդակութիւն ողջունելի է:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Քաղաքական Եւ Դատական Հարցեր

Յաջորդը

Հայաստանէն Արտածուող Ապրանքներու Մէկ Քառորդը Ուղարկուած Է Ռուսիա

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.