Փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2018-ի պետական ամավարկի քննարկման նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Աւետիս Կիտանեան, Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ռաէտ Խուրի եւ Եուսեֆ Ֆընիանոս, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել:
Նիստէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումը կատարեալ լրջութեամբ շարունակած են` աւելցնելով, որ քննարկումները պիտի շարունակուին այսօր եւս, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջացնել բոլոր նախարարութիւններուն պիւտճէները սերտելու աշխատանքը:
Խալիլ նշեց, որ իրենք խնդրած են, որ այսօրուան նիստին ներկայ գտնուին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէն ու ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապի Ասին:
Խալիլ հաստատեց, որ կարգ մը նախարարութիւններու պարագային կարելի եղած է անոնցմէ իւրաքանչիւրին պիւտճէն աւելի քան 20 առ հարիւրով նուազեցնել: «Եթէ այս ձեւով շարունակենք աշխատանքը, ապա կարելի պիտի ըլլայ 2018-ի պետական ամավարկը հաւասարակշռել», ընդգծեց ան:



