ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապին առաջարկով եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հաւանութեամբ, գերապայծառ Ժոզեֆ Սապիթիրի պիտի նշանակուի Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը դատական իշխանութիւններուն յանձնեց ահաբեկչական բջիջ մը, որ կապուած է Ժապհաթ Նուսրային:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրեց` Թրիփոլի-Մընիէ-Տըննիէ ընտրաշրջանէն:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Իսրայէլ կը չափազանցէ Պաղեստինի սրբութիւնները պղծելու իր քաղաքականութեամբ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիթանիի ապականումը չէզոքացնելու ծրագիրը հունի մէջ մտած է, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները մօտիկ ապագային պիտի սկսին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ ընտրական դաշինքներ գոյացնելու կարելիութիւնները տակաւին անյստակ են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է վաւերացնէ 2018-ի պետական ամավարկը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանան արագ թափով կ՛ուղղուի դէպի հոգատարութեան ժամանակաշրջան:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն առիթով ընտրական դաշինք գոյացնել հանրութեան դրամական միջոցները շահագործող կասկածելի քաղաքական որեւէ կողմի հետ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ ինք անկախ թեկնածու է, սակայն անկողմնակալ եւ չէզոք կեցուածքներով չէ օժտուած:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը անդունդի սեմին կը գտնուի, մինչդեռ կառավարութիւնը այլ աննշան ու անկարեւոր հարցերով կը զբաղի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ղովմի կուսակցութեան աղբիւրներէն, հաստատեց, որ Մեթնի մէջ իրենց նախատեսած թեկնածուն նախկին նախարար Ֆատի Ապպուտն է:


