ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Նատեր Հարիրի երէկ
կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն 4:00 հանդիպում մը ունեցան Պուսթրոս պալատին մէջ:
Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընտրութիւններուն
ընդհանուր կացութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս Պէյրութի, Զահլէի եւ Մեթնի ընտրաշրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընտրական դաշինքներ գոյացնելու կարելիութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ հանդիպումները շարունակելու` նկատի ունենալով արծարծուած հարցերուն բազմազանութիւնը:



