Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահ առաքելութեան ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Լաքրուան, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան յանձնառու է հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանումին, սակայն միաժամանակ պատրաստ է ինքնապաշտպանութեան դիմելու` Իսրայէլի կողմէ իր դէմ գործուած որեւէ յարձակումի պարագային:
Ան հաստատեց, որ Իսրայէլ միշտ կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւն ու Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ կը գործէ` երկրին վերեւ գործած իր թռիչքներով, կեղծ յարձակումներով եւ լիբանանեան օդային տարածքները Սուրիան ռմբակոծելու համար օգտագործելով:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ քարաշէն պատին կառուցումին` հաստատելով, որ Լիբանան կը մերժէ այդ պատին կառուցումը, յատկապէս այն 13 շրջաններուն մէջ, որոնց պատկանելիութեան մասին տարակարծութիւն գոյութիւն ունի:
Նախագահ Աուն ողջունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը եւ անդրադարձաւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն ու երկրին վրայ անոնց ունեցած հետեւանքներուն` կոչ ուղղելով անոնց տառապանքին աւարտ մը ճշդող լուծումներու յանգելու:
Իր կարգին, Լաքրուա յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` հաստատելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած այդ ուժերուն առաքելութիւնն է պահպանել սահմանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:
Լաքրուա ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը լիբանանեան բանակին հետ սերտ գործակցութիւն ունին` աւելցնելով, որ այդ ընթացքը ողջունելի է եւ դրական:
«Մեր պարտականութիւնն է օժանդակել լիբանանեան բանակին: ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերը կը ծառայեն Լիբանանի մէջ խաղաղութեան պահպանումին եւ այդ առաքելութեան կառչած պիտի մնան ու ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` նեցուկ կանգնելու Լիբանանին», ընդգծեց Լաքրուա:
Եարզէի Մէջ
Նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան այցելեց Եարզէ, ուր ընդունուեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին ստանձնած առաքելութիւնն ու անոր կարիքները:
Նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաքի եւ բանակի հրամանատարութեան խորհուրդի անդամներուն, բարձրաստիճան զինուորականներուն եւ առանձին ջոկատներու պետերուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց լիբանանեան բանակին ճիգերը` պաշտպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ երկիրը իսրայէլեան ահաբեկչութենէն եւ սպառնալիքներէն պաշտպանելու անոր առաքելութեան համար:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան պաշտօնական եւ ժողովրդային միացեալ կեցուածք գոյութիւն ունի` ընդգծելով Լիբանանի հարաւային սահմանները` ցամաքային թէ ծովային, բանակին կողմէ պաշտպանուելու կարեւորութիւնը, նաւթի իր բնական հարստութիւնը լաւագոյնս օգտագործելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան յանձնառութիւնը:
ՄԻՒՍ կողմէ, նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց Երուսաղէմի եկեղեցիներուն, վանքերուն եւ սրբավայրերուն վրայ Իսրայէլի պարտադրած տուրքերը` հաստատելով, որ անոնք կը հակադրուին միջազգային ուխտերուն:
Ան շեշտեց, որ Իսրայէլի այդ վարուելակերպը կանխամտածուած ծրագիր մըն է, որ կը միտի թիրախ դարձնել բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ քրիստոնէական գոյութիւնը:




