Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Մուսթաքպալ պլոքը կ՛ողջունէ սէուտցի պատուիրակ Նիզար Օլուլայի Լիբանան այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանին մօտ զետեղուած յուշամատեանին մէջ անոր ձգած արձանագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուէր, թէ Ռաֆիք Հարիրի պիտի մնայ ազգային եւ արաբական խորհրդանիշ, իսկ Լիբանան պիտի վերադառնայ ինչպէս որ նահատակ վարչապետը փափաքած էր` անկախ երկիր մը, որ աշխարհին կը ծառայէ իբրեւ փարոս:
Մուսթաքպալ պլոքը ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի գերիշխանութեան:
Պլոքը խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի Արեւելեան Ղութա արուարձանին մէջ արձանագրուած բախումները, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց Երուսաղէմի մէջ գործող եկեղեցիներուն:



