Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի պետական ամավարկը 5 մարտէն առաջ վաւերացնելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին նկատի ունենալու այն ընտրացանկը որ լաւագոյնս կը պաշտպանէ լիբանանցիներուն շահերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ սէուտական պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք հիմնական սկզբունքներով կ՛ուղղուին դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ժողովրդավարական կուսակցութիւն է եւ այդ պատճառով ալ բնական է անոր շարքերուն մէջ տարակարծութիւններ շօշափել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ ընտրական դաշինքներ գոյացնելու կարելիութիւնները կը քննարկուին Մուսթաքպալ հոսանքին, Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ:

ԱՄԱԼ շարժումի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Իսրայէլ պիտի չկարենայ լիբանանեան ծովային տարածքներուն դէմ յարձակիլ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքը առիթ կու տայ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն` ամբողջ աշխարհի տարածքին գործելու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ հաստատեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր ներողամիտ ըլլալու սկզբունքով կ՛առաջնորդուին, երբ հարցը կը վերաբերի Սէուտական Արաբիոյ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններով եւ անոնց վրայ իրենց ունենալիք ազդեցութեամբ:

ԱՄԱԼ շարժումը արաբական երկիրներէն պահանջեց պաղեստինցի ժողովուրդին նեցուկ կանգնիլ:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդավարական առիթ մը կը նկատուին` արտայայտելու համար փոփոխութեան կամքը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ օրերը կարեւոր պիտի ըլլան` վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ դաշինքներ գոյացնելու առումով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին հարց տուած է Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն ունենալիք արդիւնքին մասին:

Նախորդը

Մեր Պետութեան Հիմքերը Շատ Ամուր Եւ Որակով Են Դրուած

Յաջորդը

Հարիրի Նախագահեց 2018-ի Պետական Ամավարկի Քննարկումի Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.