Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք ինը տարուան ընթացքին պետական ամավարկի գոյութիւնը պահանջող ռահվիրաներէն եղած են` աւելցնելով, որ պետական ամավարկը պէտք է բարեկարգումներով լեցուն ըլլայ:
Քանաան յայտնեց, որ պետական ամավարկը եւ կարգ մը այլ կարեւոր թղթածրարներ կարելի չէ ընտրական հարցի վերածել:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն պետական ամավարկի թղթածրարը քաղաքական տարակարծութիւններէ եւ ընտրական հաշիւներով շահագործումէ հեռու պահելու:
Քանաան յայտնեց, որ բարեկարգումը կարելի է ապահովել հսկելով հանրութեան գումարներուն, «իսկ ո՛վ որ կը փափաքի փտածութեան դէմ կանգնիլ, պէտք է զօրակցի պետական հաստատութիւններուն եւ մասնակցի խորհրդարանի վերահսկողութեան դերակատարութեան», ըսաւ Քանաան` աւելցնելով, որ ոմանք կը փափաքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հաշուետուութեան կանչել` ելեկտրականութեան թղթածրարին մէջ նշմարուած փտածութեան պատճառաբանութեամբ, որ անհիմն է:
Քանաան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պայքարող կուսակցութիւն է եւ օր մը օրանց ոչ մէկուն դիմաց ծնրադրած է, այլ ճակատաբաց շարունակած է իր պայքարը:
«Հետեւաբար Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամբաստանող կողմը իր փաստերը պէտք է ներկայացնէ դատական իշխանութիւններուն», հաստատեց ան:
Քանաան նշեց, որ իրենք համոզումով պիտի շարունակեն իրենց բարեկարգչական գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ օրին ելեկտրակայաններուն բանեցումը կասեցնող կողմերուն նպատակն էր շարունակել անձնական շարժակներուն աշխատանքը:



