Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան, Պաղեստինցիներն Ու Արաբները Պըրրիի Կարիքը Ունին» Շեշտեց Ռըշք

June 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Համասի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Համասի քաղաքական գրասենեակի արաբական եւ իսլամական յարաբերութիւններու պատասխանատու Իզզաթ Ռըշքի:

Ռըշք յայտնեց, որ Պըրրին շնորհաւորած են Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու եւ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու առումով, ինչպէս նաեւ անոր` խորհրդարանի նախագահ վերընտրութեան առիթով:

«Պըրրի արժանի է այդ պաշտօնին: Լիբանան, պաղեստինցիներն ու արաբները Պըրրիի եւ անոր դերակատարութեան կարիք ունին», հաստատեց ան:

Ռըշք յայտնեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած են Կազայի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումներն ու գործուած բռնարարքները` աւելցնելով, որ պաղեստինեան միացեալ Դիմադրութիւնն է, որ կրցաւ Իսրայէլին արգիլել պաղեստինցիներուն վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնել:

Ռըշք ընդգծեց, որ Իսրայէլի կողմէ որեւէ բռնարարք պաղեստինեան Դիմադրութեան պատասխանին պիտի արժանանայ` դիտել տալով, որ պաղեստինեան Դիմադրութեան մագլցողական քայլերուն պատճառով է, որ Իսրայէլ վերջ տուաւ իր բռնարարքներուն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց նաեւ իսլամ քարոզիչներ սէյիտ Ալի Ֆատլալլան եւ սէյիտ Պաքեր Ֆատլալլան:

Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Քաթարի Ազգային ժողովի նախագահ Ահմետ պըն Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Մահմուտի եւ Պաղեստինի Ազատագրութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ժըպրիլի կողմէ:

 

 

Նախորդը

Լասըն Այցելեց Մուաուատին

Յաջորդը

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Իրավիճակի Օրինականացումը Չ՛ենթադրեր Լիբանանի Մէջ Անոնց Մնայուն Կեցութիւնը» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.