«Լաւատես Եմ Լիբանանի Շահերը Առաջնահերթ Նկատող Կառավարական Կազմի Մը Յանգելու Գծով» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Մուսթաքպալ հոսանքի յատուկ իֆթարի մը ընթացքին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները բացայայտեցին, թէ Մուսթաքպալ հոսանքին մօտ ընտրութիւններուն հսկելու եւ զանոնք կազմակերպելու հարց գոյութիւն ունի: Ան նշեց, որ հարցը ընտրութիւններուն արդիւնքը չէ, այլ` ընտրութիւններուն կազմակերպումը, որովհետեւ վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին գործած Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրամեքենան պէտք էր աշխատանքի սկսէր նուազագոյնը մէկուկէս տարի առաջ: Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ ինք...



















