Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փտածութեան Թղթածրարին Առումով Շատ Խիստ Պիտի Գտնուինք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

June 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն լուծումը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է շարունակել Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումն ու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի երաշխաւորումը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ յաջորդ կառավարութեան համար բարեկարգումները պիտի ըլլան առաջնահերթութիւն` աւելցնելով, որ պէտք է գործադրել բարեկարգումի յատուկ ծրագիրներ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ելեկտրականութեան եւ ջրամբարներու կառուցման:

Ան հաստատեց, որ մշակուող տնտեսական նոր ծրագիրը, որ գրեթէ պատրաստ է, կը միտի երկրին տնտեսութիւնը վերածել արդիւնաբերականի:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ պահանջուածը այդ կեցուածքները գործնական յանձնառութիւններու վերածելն է: «Փտածութեան թղթածրարին առումով շատ խիստ պիտի գտնուինք», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ ինք լաւատես է մօտիկ ապագային կառավարութեան կազմութեան առումով:

Իր կարգին, Լասըն Եւրոպական Միութեան պատասխանատուներուն շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նախագահ Աունին` երեսփոխանական ընտրութիւններն ու Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով գումարուած միջազգային խորհրդաժողովները յաջողութեամբ կայացնելու առիթով:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետեւած եւրոպացի դէտերը իրենց տեղեկագիրը պիտի պատրաստեն` նշելով կարգ մը դիտողութիւններ եւ առաջարկներ:

Լասըն յայտնեց, որ առաջին տպաւորութիւնները ընդհանրապէս դրական են, ի մասնաւորի մեկնելով այն իրողութենէն, որ ընտրութիւնները կատարուեցան ապահովական խաղաղ ու հանդարտ մթնոլորտի մէջ:

Լասըն յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կը կազմուի` վերահաստատելով Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի զանազան ոլորտներուն:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Նաամաթ Աֆրամ եւ Անթուան Փանօ:

 

 

Նախորդը

«Մինչեւ Ֆիթրի Տօնը Կառավարութիւնը Կազմուած Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Դեսպան Մկրտչեանը Եւ ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Անձնակազմը

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.