Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Որոշումով Կարգ Մը Անձնաւորութիւններու Լիբանանեան Քաղաքացիութեան Շնորհումը Փոթորկեցուց Երկրին Քաղաքական Կեանքը

June 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ սուրիացի գործարարներու լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումը դարձաւ երկրին շաբաթավերջը յուզող հիմնական թղթածրարը:

Մինչ քաղաքական տարբեր ուժեր մեղադրական յայտարարութիւններ կատարեցին նախագահ Աունի առած այդ քայլին վերաբերեալ, նախագահ Աուն յայտնեց. «Հակառակ անոր որ քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումը օրինական կերպով հրապարակուած է, սակայն նկատի ունենալով, որ քաղաքացիութիւն ստացող անձնաւորութիւններուն վերաբերեալ կասկածներ կան եւ մեկնելով այդ կասկածները փարատելու մեր յանձնառութենէն` կը պահանջեմ բոլոր անոնցմէ, որոնք քաղաքացիութիւն ստացող անհատի մը դէմ տեղեկութիւն ունին, որուն հիման վրայ ան լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու անատակ կը դառնայ, ներքին գործոց նախարարութեան Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու բաժանմունքին տրամադրութեան տակ դնեն այդ տեղեկութիւնը»:

Իր կարգին, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր պատասխան մը յղեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի կողմէ նախագահական պալատի տնօրէնութեան ներկայացուած` քաղաքացիութեան շնորհումի որոշումէն օրինակ մը ստանալու պահանջ-նամակին:

Շքէյր յայտնեց, որ Ժեմայէլ այդ որոշումին մանրամասնութիւնները կրնայ գիտնալ, երբ օրինական կարգով դիմէ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան:

Այս պատասխանին ի տես Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ այսօր պիտի ուղղուի ներքին գործոց նախարարութիւն` պահանջելու համար այդ որոշումը բովանդակող փաստաթուղթը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկուան իր քարոզին մէջ նշեց, որ քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումին իմաստով յստակութիւն կը պահանջուի: Ան աւելցուց, որ քաղաքացիութիւն շնորհելու թղթածրարին գծով բարձրացած աղմուկը արդարացուցիչ պատճառներ ունի:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հարց տուաւ, որ եթէ Լիբանան հասած մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներուն քաղաքացիութիւն շնորհենք` քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքը ունենալու պատճառաբանութեամբ, ապա Լիբանանի փառաւոր ժողովուրդին իրաւունքը ո՞ւր կը մնայ:

Ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի շեշտեց, որ ոեւէ քաղաքացիի իրաւունքն է իմանալ հրապարակուած որեւէ որոշումի մանրամասնութիւնները: Ան նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը այսօր պիտի պահանջէ քաղաքացիութեան շնորհումի որոշումէն օրինակ մը ունենալ:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ նշեց, որ սուրիացի գործարարներուն լիբանանեան քաղաքացիութեան շնորհումը լիբանանեան ներկայ իշխանութիւններուն եւ սուրիացի ժողովուրդը սպանդի ենթարկող սուրիական ղեկավարութեան միջեւ վտանգաւոր մեղսակցութիւն է:

Քաղաքացիական չափաւորականութեան հանդիպումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ  իրենք զիրենք ժողովուրդին ներկայացուցիչները ըլլալ յաւակնողները պէտք է վիճարկումի ենթարկեն օտարին քաղաքացիութիւն շնորհելու ցեղապաշտական եւ փտած որոշումը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ իրենց իրաւունքն է գիտնալ, թէ ի՛նչ չափանիշներ օգտագործուած են` օտարներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու պարագային:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ քաղաքացիութիւնը վաճառողին կարելի չէ հայրենիք վստահիլ:

Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ նախագահ Աուն իր որոշումով քաղաքացիութիւն շնորհած անձնաւորութիւններուն անուանացանկը յղեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան: Քանաան յայտնեց, որ նախագահ Աունի առած այս քայլը բաւական յանդուգն է:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն ըսաւ, թէ կարգ մը անձնաւորութիւններու լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումին գծով ստեղծուած աղմուկը անհեթեթ է, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ այդ որոշումը կը վերաբերի այդ քաղաքացիութեան արժանի անհատներու:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ նախագահ Աունի կողմէ կարգ մը անձնաւորութիւններու շնորհուած լիբանանեան քաղաքացիութեան վերաբերեալ արձանագրուած պոռոտախօսութիւններուն նպատակն է հանրապետութեան նախագահութեան դերակատարութիւնը արգելակել:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն ընդգծեց, որ քաղաքացիութեան իրաւունքի շնորհումը նախագահ Աունի  իրաւասութիւններէն է, եւ կարելի չէ այդ հարցը իր չափէն աւելի մեծցնել:

 

 

Նախորդը

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ժոմպլաթի

Յաջորդը

Պասիլ Եւ Սէյիտ Նասրալլա Քննարկեցին Քաղաքական Ներքին Եւ Արտաքին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.