ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Համասի մէկ պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինցի գաղթականներուն եւ Պաղեստինեան դատին վերաբերող հարցեր:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հոլովոյթը մօտիկ ապագային պիտի սկսի:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութեան յաջորդ կազմին մէջ ներառուին տնտեսագէտներ: Ան նշեց, որ փոխվարչապետի դերակատարութիւնը` վարչապետին գործունէութեան լրացուցիչ դերակատարութիւն կը նկատուի:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ շրջեցաւ պետական քննութեան այն կեդրոնները, ուր յատուկ կարիք ունեցող աշակերտները կը ներկայացնէին իրենց քննութիւնները:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ տնտեսական տագնապն ու աշխատանքի նոր առիթներ ստեղծելու ծրագիրները յաջորդ դահլիճին առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլան:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ ընդգծեց կառավարութիւնը արագօրէն կազմելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով լիբանանեան ընկերութեան դիմագրաւած բարդ հարցերը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւնը պիտի կազմուի երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարզած արդիւնքներուն հիման վրայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թարեք Մերեհպի երէկ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` գործակցելու վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, նկատի ունենալով, որ ան դրական տրամադրութեամբ կ՛աշխատի կազմելու Լիբանանի նոր կառավարութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ունենալիք նախարարական ներկայացուցչութեան կշիռը սէուտական գրաւներուն հարուած մը պիտի ըլլայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ ներկայ դրութիւնը կ՛ենթադրէ աշխուժ կառավարութեան մը գոյութիւնը` լուծելու համար երկիրը յուզող հրատապ հարցերը:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայէք շեշտեց, որ ելեկտրական հոսանքի տագնապը լուծելու միակ միջոցը ելեկտրակայաններու գոյութիւնն է: «Միայն հաստատ կայաններէ ելեկտրականութիւն արտադրելով է, որ կրնանք ելեկտրականութեան տագնապին արմատական լուծում մը գտնել», ըսաւ Հայէք:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց արագացնելու ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքի արժանապատուութիւնը կարմիր գիծ է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմին մէջ հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցչութիւնը Ազգային ուխտին մաս կը կազմէ եւ պէտք է յարգել այդ իրողութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ եթէ նոր կազմուելիք նախարարաց խորհուրդին մէջ կուսակցութիւնը իր արդար ներկայացուցչութեան չափով չներկայացուի, ապա անիկա պիտի միանայ ընդդիմութեան: