Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ամերիկեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխան Տարել Իսա եւ Սթեֆըն Լանչ եւ անոնց խորհրդականները` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի:
Հանդիպումին ընթացքին ամերիկեան պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց նախագահ Աունը Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները յաջողութեամբ կայացնելու համար, ինչպէս նաեւ ողջունեց զայն` Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան ի խնդիր անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Իր կարգին, նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն` օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան դիւրացնէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը, առանց սպասելու Սուրիոյ տագնապին քաղաքական ամբողջական լուծումի:
Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելէ, եւ նոր կառավարութիւն մը կազմելէ ետք Լիբանան պիտի գտնուի քաղաքական յառաջադէմ փուլի մը սեմին, որ պիտի նպաստէ երկրին քաղաքական կայունութեան ամրապնդումին:
Ան յոյս յայտնեց, որ նորանշանակ վարչապետը կարենայ իր կազմելիք դահլիճին մէջ ներառել լիբանանեան ազգային բոլոր շերտերը, որպէսզի անոնք միասնաբար գործակցին` Լիբանանի դէմ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:
Ամերիկեան պատուիրակութեան հարցումներէն մէկուն պատասխանելով` նախագահ Աուն պարզեց Լիբանանի կեցուածքը` Սուրիոյ տագնապին հանդէպ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանի զարգացումներուն եւ ՄԱԿ-ի ընդմէջէն Իսրայէլի հետ ընթացող բանակցութիւններուն, որոնք կը միտին վերջ մը դնել Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւններուն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի կողմէ սահմանային Կապոյտ Գիծի երկայնքով կառուցուող քարէ պատնէշին:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ արդիւնքի մը յանգիլ: Ան աւելցուց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, մինչդեռ Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել այդ բանաձեւին գործադրութիւնը:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան պատուիրակութեան` լիբանանեան բանակին անոր տրամադրած օժանդակութիւններուն համար: Ան նշեց, որ ամերիկեան ռազմամթերքին իբրեւ արդիւնք բանակը կրցաւ Պեքաայի բարձունքները ահաբեկիչներէն ազատագրել:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց ամերիկեան պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պասիլ Ընդունեց Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը
Արտաքին գործոց եւ լիբանանեան սփիւռքի նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանան ժամանած ամերիկեան պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ դեսպան Ռիչըրտի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս լիբանանեան բանակը զինելու առումով:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ ընդգծեց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին կարեւորութիւնը` նշելով, որ այս իմաստով պէտք է զօրակցիլ Լիբանանի պահանջին:
Պասիլ եւ ամերիկեան պատուիրակութիւնը քննարկեցին նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունենալիք դրական ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան վարչակազմին սահմանած վերջին պատժամիջոցները:
Եարզէի Մէջ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն իր կարգին Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: