ԵՐԷԿ ուշ գիշերին իսրայէլեան օդուժը ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ կատարելով արեւմտեան Պաալպեքի, Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի վերեւ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱ խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումները` հաստատելով, որ աշխարհը ստիպուած է իսրայէլեան ահաբեկչութիւնները բացայայտելու եւ անոր ոճիրները դատապարտելու:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան լիբանանեան ներքին կայունութեան, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններէն Լիբանան զանց կացուցելու քաղաքականութեան պահպանումին:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ հանրապետութեան նախագահին յատկացուելիք չափաբաժինը Ազգային ուխտին մաս կը կազմէ, եւ անիկա նկատի պիտի առնուի նոր դահլիճի կազմութեան հոլովոյթին մէջ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մեկնումի պահուն Մախզումի յայտնեց, որ յաջորդ փուլը դժուար է, եւ բոլորէն կը պահանջուի աշխատիլ:
ԱՄԱԼ շարժումն ու Հըզպալլան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յանձնեցին շիի համայնքին ստանալիք վեց նախարարներուն նշանակման թղթածրարին հետեւելու պատասխանատուութիւնը: Զոյգ քաղաքական ուժերը հաստատեցին, որ հարկ է ստանալ կշիռ ունեցող նախարարութիւններ, նկատի ունենալով անոնց ներկայացուցած ժողովուրդին կարիքները, յատկապէս Պեքաայի մէջ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Պըրնիլ Տահլըր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, որմէ շնորհաւորութիւն ստացաւ երեսփոխան ընտրութեան առիթով: Սաատ իր կարգին առողջութիւն մաղթեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահիմ Մըրատ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները փաստած են, թէ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքը առանձին չէ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ փոխվարչապետի պաշտօնը կը պատկանի հանրապետութեան նախագահին` աւելցնելով, որ նախագահը ազատ է այդ պաշտօնը յանձնելու որո՛ւ որ փափաքի:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ կոչ ուղղեց` կազմելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուած ըլլան «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու ատակ անձնաւորութիւններ:
ՔԱԱՅԻ քաղաքապետ Պաշիր Մաթար կոչ ուղղեց` յանգելու ողողումները արգիլող արմատական լուծումներու, ինչպէս նաեւ ողողումներ տուժած քաղաքացիները հատուցելու:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն պենզինի թիթեղին գինը սղած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով: