Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա երէկ երեկոյեան այցելեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի:
Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը աւելի ուշ յայտնեց, որ հանդիպումը դրական էր: