Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ . «Կոչ Կ՛ուղղենք Միջազգային Ընտանիքին` Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Համաձայնութիւն Գոյացնելու» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մայիս 31, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Փարիզ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ Մաթինիոնի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրադարձութիւններուն նկատմամբ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ միջինարեւելեան զարգացումներուն ունեցած հետեւանքները Լիբանանի ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին վրայ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը:

Ան լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամական պատմական յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Ֆրանսա պէտք է նեցուկ կանգնի Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր քաղաքացիներուն սպառնացող դժուարութիւններն ու վտանգները:

Ռայի պատրիարք դարձեալ կոչ ուղղեց Միջազգային ընտանիքին` Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու իմաստով համաձայնութիւն գոյացնելու: Ան աւելցուց, որ Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ շրջանի բոլոր երկիրներուն, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներուն բեռան տակ կքած եւ տնտեսական տագնապալի իրավիճակի մէջ գտնուող Լիբանանի վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքը հաստատեց խաղաղութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Արեւելքի ժողովուրդներուն օժանդակել` իրենց երկիրներուն մէջ խաղաղութեամբ ապրելու:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Մաթինիոնի կողմէ նշմարեց նկատառելի հոգատարութիւն մը: Ան նշեց, որ Մաթինիոն ընդգծած է Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի սէրը եւ հաստատած, որ Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն պահերուն Ֆրանսա անոր նեցուկ պիտի կանգնի եւ անոր աջակցի:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան ըսաւ. «Սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը լուծելու իմաստով լիբանանեան պետութեան եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ գործակցութեան կարելիութիւն կայ: Այս մէկը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է: Մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք քաղաքական տագնապ` նկատի ունենալով, որ քաղաքական ուժերը բաժնուած են երկու մասի: Անոնցմէ ոմանք սուրիական վարչակարգին կը զօրակցի, իսկ ուրիշներ հակադրուած են անոր: Բան մը, որ կը սառեցնէ երկրին քաղաքական եւ տնտեսական կեանքը»:

Ռայի պատրիարք յայտնեց, որ լիբանանցին աղքատացած է` ի հետեւանք սուրիացի տեղահանուածներու հսկայ թիւին:

Ան աւելցուց, որ արտագաղթի հոսքը խախտած է հաւասարակշռութիւնը` շեշտելով, որ եթէ կացութիւնը այսպէս շարունակուի, ապա Լիբանանի ինքնութիւնը պիտի փոխուի:

«Մենք Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքներէն կը տառապինք` տնտեսական առումով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ դէպի արաբական աշխարհ մեր ճամբաները փակ են եւ այդ պատճառով մենք տնտեսապէս շատ սուղ վճարած ենք», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցի լուծման պատասխանատուութիւնը միացեալ է` աւելցնելով, որ պէտք է քաջալերել անոնց տունդարձը, իսկ Միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ անոնց տուներ կառուցելու աշխատանքին: «Կը նախատեսուի նաեւ, որ այս իմաստով Լիբանանի բարեկամ երկիրները իրենց կարգին օժանդակութիւն ցուցաբերեն, որովհետեւ Լիբանան սկսած է մտահոգուիլ իր ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգէն», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Ֆրանսա իր կարգին կառչած կը մնայ միջազգային որոշումին, որուն համաձայն, սուրիացի տեղահանուածները երբ որ ուզեն կը վերադառնան Սուրիա, «եւ մենք այդ մէկը կը մերժենք», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանան մտահոգ է, որ տարիներ շարունակ տեղահանուածներուն Լիբանան կեցութիւնը ի վերջոյ պիտի յանգի անոնց լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու:

Ան ցաւ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին իմաստով միջազգային կամք գոյութիւն չունի` քաղաքական պատճառներով:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է կատարել շարք մը բարեկարգումներ, եւ այդ իսկ պատճառով կը նախընտրենք, որ կազմուի փորձառու մասնագէտներէ բաղկացող դահլիճ մը:

 

 

Նախորդը

Լասըն Այցելեց Մախզումիի

Յաջորդը

Պըրրի Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Խորհրդարանական Յանձնախումբերուն Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը  Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Մարտ 20, 2023
Ռայի Պատրիարքը Քրիստոնեայ Երեսփոխանները  Հրաւիրեց Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարքը Քրիստոնեայ Երեսփոխանները Հրաւիրեց Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի

Մարտ 20, 2023
Պու Հապիպ. «Ժամանակն Է Արդէն  Մշակելու  Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով  Եւ Արժանապատիւ Տունդարձի Ընթացագիծը»
Լիբանանեան

Պու Հապիպ. «Ժամանակն Է Արդէն Մշակելու Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Եւ Արժանապատիւ Տունդարձի Ընթացագիծը»

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In