Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Խորհրդարանական Յանձնախումբերուն Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

May 31, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, երեսփոխան Էլիաս Հանքաշը եւ կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Սելիմ Սայեղը:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է խորհրդարանական յանձնախումբերուն եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր` հաստատելով, որ իրենք ընդգծած են վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ այս իմաստով Պըրրի լայնածաւալ ջանք ի գործ դրած է` խորհրդարանի աշխատանքի նախորդ հանգրուանին եւ կազմած է զայն ուսումնասիրելու յանձնախումբ մը:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ Պըրրիէն խնդրած է այս հարցով խորհրդարանական յանձնախումբ մը յառաջացնել եւ անոր յստակ ժամկէտ ճշդել, որ խորհրդարանը իր պաշտօնավարութեան նստաշրջանի առաջին երկու տարիներուն վաւերացնէ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու յատուկ օրէնք մը:

Ան հաստատեց, որ այսպիսով կարելի է լիբանանցիներուն դիմաց բանալ բարգաւաճման նոր փուլ մը, որուն ընթացքին անոնք զգան, թէ կը վայելեն լիբանանեան պետութեան զօրակցութիւնը:

«Կարելի չէ ընդունիլ, որ 2018-ին լիբանանեան պետութիւնը հեռու ըլլայ լիբանանեան կարգ մը շրջաններէ եւ լիբանանեան պետութեան ու քաղաքացիին միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւն չըլլայ», ըսաւ Ժեմայէլ:

Ան յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են նաեւ երկրին տնտեսական կացութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնք կը մտահոգեն նաեւ խորհրդարանի նախագահը:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու համար կառավարութիւնը պէտք է առնէ շարք մը քայլեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը պիտի ըլլայ մսխումի կարգ մը «աղբիւրներու» փակումը, ինչ որ խիստ բարեկարգում եւ պետութեան կողմէ առնուելիք յանդուգն քայլեր կ՛ենթադրէ:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ այդ աշխատանքը կը նախատեսէ նաեւ, որ քաղաքական բոլոր կողմերը ամէն ջանք ի գործ դնեն բարելաւելու համար երկրին իրավիճակը եւ փրկելու անոր տնտեսութիւնը: «Եթէ կազմուելիք նոր կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն չունենայ նման քայլեր որդեգրելու, ապա երկիրը պիտի ուղղուի դէպի սնանկացում: Բոլոր պատասխանատուները տեղեակ են, թէ բարեկարգումներ չգործադրելու պարագային երկիրը հազիւ մէկ տարի կրնայ հանդուրժել` տնտեսական առումով», ըսաւ ան: Ժեմայէլ աւելցուց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի այս շրջագիծին մէջ է, որ մնայուն կերպով կը հաստատէ «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին որդեգրուած բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: «Կը կարծեմ, թէ յաջորդ կառավարութեան ամէնէն լուրջ մարտահրաւէրը տնտեսականն է: Կը մաղթենք, որ քաղաքական բոլոր կողմերը յաջորդ փուլին հարկ եղած գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ վարուին` լիբանանցիները հսկայ տագնապէ մը զերծ կացուցելու համար», շեշտեց Ժեմայէլ:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիժանիի` անոր վերընտրութեան առիթով:

 

Նախորդը

Փարիզի Մէջ . «Կոչ Կ՛ուղղենք Միջազգային Ընտանիքին` Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Համաձայնութիւն Գոյացնելու» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Ամերիկեան Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.