Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ ներկայացուց տիրող ընդհանուր կացութիւնն ու յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին վերաբերող հարցերն ու անոնց ունեցած հետեւանքները` Լիբանանի մէջ տարբեր ոլորտներու, յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական ոլորտներուն վրայ:
Սարրաֆ անդրադարձաւ նաեւ ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան յարձակումներուն եւ երկրին գերիշխանութեան դէմ գործուող ոտնձգութիւնները մերժող Լիբանանի կեցուածքին:
Քննարկուեցան նաեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները, որոնց շրջագիծին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութիւնը մեծապէս գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը` պահպանելու եւ ամրապնդելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: