Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Պէյրութի բնակիչներու համադաշնակցութեան իֆթարին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւն կազմելու ընթացքին վարչապետի մը համար ամէնէն դժուարը այդ հոլովոյթին մասին կատարուող յայտարարութիւններն են, որոնք երբեմն մեկնաբանութիւններ, երբեմն երեւակայութիւն են: «Հետեւաբար այդ մասին պիտի չխօսիմ, սակայն պիտի բաւարարուիմ ըսելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցութիւնը հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ, իսկ նոր կառավարութեան մաս պիտի կազմեն առաւելագոյնը 30 նախարարներ», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հարիրիի այցելեց նաեւ լիբանանցի եւ սէուտցի գործարարներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ռաուֆ Ապու Զաքիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող տնտեսական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի մաղթեց, որ խորհուրդը կը բազմապատկէ իր աշխատանքները եւ կը քաջալերէ ներդրումները` երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսութիւնն ու առեւտրական յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով:
Հարիրի շեշտեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն գծով ինք մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ:
Մուսթաքպալ Պլոքի Ընթացիկ Նիստ
Յետմիջօրէին վարչապետ Հարիրի նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի հերթական նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք երեսփոխան Թարեք Մերեհպի կարդաց պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն համաձայն նշուեցաւ, թէ կարգ մը անձնաւորութիւններու լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումին գծով արձանագրուած արշաւները անմեղ չեն եւ կը միտին խոչընդոտել կառավարութեան կազմութեան ընթացքը:
Մերեհպի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը կ՛ողջունէ վարչապետին որդեգրած քայլերը` կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող հարցերը փարատելու գծով:
Ան նշեց, որ պլոքը ընդգծած է ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները:



