Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող ոչ մէկ թնճուկ գոյութիւն ունի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ճիանկ Զինկ Ուիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գործակցութեան գծով երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԶՕՐ Հանրապետութիւն համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ համախոհութիւնն ու համագործակցութիւնը պէտք է իրարու շաղկապել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող տնտեսական տագնապը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս եւ նախկին նախարար Նազեմ Խուրի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի երէկ հանդիպելէ ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի հետ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ շարժակներու միջոցով ելեկտրական հոսանք բաժնող ընկերութիւնները իրենց շարժակներուն վրայ պէտք է զետեղեն ժամացոյցներ` այնպէս ինչպէս ելեկտրականութեան ընկերութիւնը կը կատարէ:

ՀԶՕՐ Հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի յայտնեց, որ քաղաքացիութիւն շնորհելու հրամանագիրը օրինական է, սակայն այդ որոշումը անցընելու ձեւը առողջ չէ:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարելու ուղեգիծը արդէն իսկ ճշդուած է` աւելցնելով, որ այդ ուղեգիծին մեկնարկը կատարելու պարագային կարելի պիտի ըլլայ երկրին մէջ տիրող փտածութիւնը հակակշիռի տակ առնել:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան եւ լրագրող Ժոզեֆ Ապու Ֆատել հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն քրիստոնեաներուն վերջին երաշխիքն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի կազմուի` աւելցնելով, որ իր ստանձնած աշխատանքներուն մէջ որեւէ թերացում արձանագրելու պարագային` նախարարաց այս խորհուրդը պիտի ձախողի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի կայան մը հաղորդեց, որ տարեկան դրութեամբ Իրան Հըզպալլային 700 միլիոն տոլար կը տրամադրէ:

 

Նախորդը

Ռուս-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Զինեալ Միջադէպ

Յաջորդը

Սարրաֆ Եւրոպական Խորհրդարանի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.