Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Խաղաղութեան եւ ազատութեան համադաշնակցութիւնը` նախագահութեամբ Ռոպերթօ Ֆիորիի եւ Եւրոպական խորհրդարանի մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովուի:
«Պէտք է Եւրոպան համոզել` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին արդարացիութեամբ», հաստատեց նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ տեղահանուածներուն պատճառով Լիբանանը թիրախ դարձնող տնտեսական, ապահովական եւ ընկերային վնասները բաւական հսկայ են:
Իր կարգին, Ֆիորի յայտնեց, որ իրենք համոզուած են, թէ Եւրոպայի մէջ խաղաղութիւնը կարելի է իրականացնել, եթէ Լիբանանի եւ Արեւելքի մէջ կարելի ըլլայ ատիկա: Ան նշեց նաեւ, որ ահաբեկչութիւնը ո՛չ միայն Միջին Արեւելքը թիրախ կը դարձնէ, այլեւ` եւրոպական երկիրներն ու ամբողջ աշխարհը: «Իսկ նախորդ տարիներուն ընթացքին Լիբանանի խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութեան պահպանումը ամբողջ աշխարհին համար ուսանելի օրինակ մը պէտք է ըլլայ», հաստատեց Ֆիորի:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Միկել Անխել Մորաթինոս, որ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու առիթով: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը դրական արձագանգ ունեցած է միջազգային մակարդակի վրայ:
Նախագահ Աուն եւ Մորաթինոս քննարկեցին տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի հիւրերէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր:
 
			


