Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Անհատական Մակարդակի Վրայ Քաղաքացիութիւն Շնորհելը Ընդունելի Է, Իսկ Հաւաքականը` Մերժելի»

June 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին Գործոց Եւ Լիբանանեան Սփիւռքի Նախարար Ժըպրան Պասիլ Երէկ Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ Հրաւիրեց Մամլոյ Ասուլիսի Մը, Որուն Ընթացքին Յայտնեց, Թէ Լիբանանցիին Բազմազանութիւնը Առիթ Կու Տայ Ընդունելու Ուրիշը:

Ան Նշեց, Որ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Շահագրգռուած Է Լիբանանեան Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Թղթածրարով, Յատկապէս Արտերկրի Լիբանանցիներուն: Այդ Ծիրին Մէջ Ան Աւելցուց Նաեւ, Որ Իրենք Մշակած Են Լիբանանեան Քաղաքացիութիւնը Վերստանալու, Ինչպէս Նաեւ Կնոջ Կողմէ Իր Զաւակներուն Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Օրինագիծեր:

Պասիլ Շեշտեց, Որ Հաւաքական Մակարդակի Վրայ Քաղաքացիութեան Շնորհումը, Ինչպէս 1994-Ին Կատարուած Է, Կը Նշանակէ Բնակեցում, Ու Անոր Կողքին Տեղահանուածներուն Քաղաքացիութեան Շնորհումը Մերժելի Է: «Սակայն Անհատական Մակարդակի Վրայ Արժանի Անձնաւորութիւններու Քաղաքացիութիւն Շնորհելը Ընդունելի Է», Ըսաւ Ան:

Պասիլ Յայտնեց, Որ Օտար Անհատներու Լիբանանեան Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Որոշումին Դէմ Սկսած Արշաւին Նպատակը Յստակ Է. Անիկա Ներկայ Իշխանութիւնն Ու Հանրապետութեան Նախագահը Հարուածել Է:

Ան Մաղթեց, Որ Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Հրապարակէ Քաղաքացիութիւն Ստացած Անձնաւորութիւններուն Անուանացանկը` Վերահաստատելով Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշել Աունի Պահանջը, Որ Այդ Անձնաւորութիւններուն Դէմ Տեղեկութիւն Ունեցող Իւրաքանչիւր Քաղաքացի Ներկայանայ  Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնութեան Մօտ Եւ Բացայայտէ Իր Տեղեկութիւնները:

Ան Նշեց, Որ Հանրապետութեան Նախագահութիւնն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կասկածելի Ոչ Մէկ Արարքի Հետ Կապ Ունին: «Մենք Արագ Հետաքննութիւն Կը Պահանջենք, Եթէ Այդ Անձնաւորութիւններուն Մէջ Անատակ Անհատներ Կան, Որոնք Կը Մտածեն Լիբանանեան Քաղաքացիութիւնը Առեւտուրի Առարկայ Դարձնել», Շեշտեց Պասիլ:

Հանդիպում Սուրիոյ Դեսպանին Հետ

Միւս կողմէ, Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ Պասիլին յանձնեց անոր սուրիացի պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի պատասխան-նամակը:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Պասիլ գոհունակ էր ստացած իր պատասխանէն, որ իր ունեցած մտահոգութիւնները փարատած էր:

Ալի ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութիւնը միշտ կայ` աւելցնելով, որ այդ գործակցութիւնը աւելի եւս պիտի ամրապնդուի Մոալլեմի պատասխան-նամակով:

Ալի հաստատեց, որ Սուրիա յանձնառու է իր բնակիչներուն տունդարձին` հաստատելով, որ թիւ 10 օրէնքը սուրիացիներուն իրաւունքը ուղղող եւ երաշխաւորող օրէնք է:

 

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Սկսաւ Իր Միօրեայ Դռնփակ Հանդիպումին

Յաջորդը

«Պաալպեքի Ապահովական Կայունութիւնը Պիտի Վերահաստատենք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.