Ռայի Պատրիարք. «Կոչ Կ՛ուղղենք Պատասխանատուներուն Յետս Կոչելու Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Հրամանագիրը, Որովհետեւ Իրենց Հանդէպ Անվստահութիւն Կը Յառաջացնէ»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ բացումը կատարեց մարոնի համայնքին յատուկ սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին լիբանանցի ժողովուրդին անունով պահանջեց նոր կառավարութեան արագ կազմութիւնը` ազգային պատասխանատուութեան ոգիով եւ հեռու անձնական շահերէ, կառավարութիւն, որ կրնայ կատարել անհրաժեշտ բարեկարգումները` կառոյցներու եւ մարզերու մակարդակին վրայ: Պատրիարքը աւելցուց, որ ատիկա կը ծառայէ իբրեւ պայման` ստանալու նիւթական օգնութիւններ, նուիրատուութիւններ եւ վարկեր, որոնք որոշուեցան Հռոմի (15...




















