Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի վաճառատուներու եւ հաստատութիւններու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Քանաանը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ալի Մըքտատի:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին ներկայացուց Պաալպեքի մէջ տիրող իրավիճակը, յատկապէս վաճառատուներուն եւ հաստատութիւններուն վրայ գործուած զինեալ յարձակումները, որոնք ապահովութեան ուժերուն կողմէ հակակշիռի տակ կարելի չէ առնել:
Մըքտատ յայտնեց, որ Պաալպեքի ապահովական կայունութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ սպառնալիքի տակ է:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Պաալպեք-Հերմելի վկայած ապահովական խախտումները պիտի չշարունակուին` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ պիտի որդեգրուին ապահովական շարք մը միջոցառումներ` քաղաքին կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Պաալպեք պիտի մնայ արեւու քաղաքը եւ Լիբանանի ամէնէն նշանաւոր հնութիւններն ու քաղաքակրթութիւնը պարունակող քաղաքը:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Պաալպեքի բնակչութեան աւելի եւս գործակցելու ապահովական կառոյցներուն հետ եւ անոնց տեղեկութիւններ փոխանցելու զինեալ յարձակումներ եւ գողութիւններ գործող աւազակախումբերուն մասին:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ երկու շաբաթ առաջ իր նախագահած Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին ապահովութեան ուժերէն պահանջած է խստօրէն հետապնդել ապահովական կացութիւնը խախտող յանցագործները:
Ան աւելցուց, որ փառատօներուն ընթացքին պիտի որդեգրուին ապահովական խիստ միջոցառումներ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ աւետարանական համայնքի գերագոյն խորհուրդի ղեկավար վեր. Սելիմ Սահիունը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական, կրթական եւ ընկերային շարք մը հարցեր:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Զահլէի երեսփոխան Քայսար Մաալուֆը, որուն հետ քննարկեց Պեքաայի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակն ու քաղաքական իրադարձութիւնները:



