Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը յուզող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներքին ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը եւ ծրագրուած ոճիրին դէմ պայքարելու ու երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Միկել Անխել Մորաթինոս, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, «Սփութնիք»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Իրանի ներկայութիւնը համազօր է Ռուսիոյ ներկայութեան` սուրիական իշանութիւններուն պահանջով:
Ան հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը Հըզպալլայէն եւ Իրանէն պահանջած է Սուրիայէն հեռանալ: «Այս պայմաններուն մէջ, սուրիական պետութեան կողմէ նման պահանջ գրեթէ անկարելի է», շեշտեց ան:
Պըրրի բարձր գնահատեց Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի ներկայութիւնը` ընդգծելով, որ եթէ Հըզպալլա սուրիական հողերուն վրայ չըլլար, ապա ՏԱՀԵՇ-ը Լիբանան հասած կ՛ըլլար:
Պըրրի յայտնեց, որ իր համոզումով` Հըզպալլայի, Իրանի եւ Ռուսիոյ ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ Սուրիա ամբողջովին ազատագրուի եւ իր գերիշխանութիւնը վերահաստատէ:
Պատասխանելով հարցումի մը` Պըրրի նշեց, որ Սուրիոյ բաժանումը կը նշանակէ ամբողջ շրջանին քարտէսը վերագծել:



