Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հինգշաբթի օր տնօրէնութեան պաշտօնական կայքին վրայ պիտի տեղադրէ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացած անձնաւորութիւններուն անուանացանկը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ համախմբումը միշտ հանրապետութեան նախագահին նեցուկ պիտի կանգնի` կառավարութիւնը կազմելու իմաստով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ շեշտեց, որ եթէ լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու թղթածրարին հետ կարելի ըլլար կատարեալ թափանցիկութեամբ վարուիլ, ապա հարցը այս աստիճան չէր բարդանար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ ինք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող քաղաքական խոչընդոտներ չի տեսներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ եթէ իբրեւ կուսակցութիւն եւ երեսփոխաններ իրենք փոփոխութիւն չկատարեն, ապա փոփոխութիւն պիտի չարձանագրուի: Ան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով լուծում մը մօտալուտ չեն գտներ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ երկիրը տնտեսական դժուար տագնապ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ պէտք է արագացնել կառավարութեան կազմութեան ջանքերը:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումին դէմ մղուած քաղաքական արշաւը թիրախ կը դարձնէ հանրապետութեան նախագահը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքացիութեան շնորհումին դէմ մղուած արշաւը քաղաքական է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի օրով թիւ 94 հրամանագիրով քաղաքացիութիւն ստացան մեծ թիւով պաղեստինցիներ եւ սուրիացիներ: Այդ քայլը ժողովրդագրական փոփոխութիւն յառաջացուց, հետեւաբար թող այդ հրամանագիրը ջնջեն, եթէ անոնց կարողութիւնը կը ներէ:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով երկխօսութիւն կը կատարուի, սակայն տակաւին ոչ մէկ հանգուցալուծում կայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Հըզպալլայի հետ պիտի շարունակէ բոլոր հարցերուն քննարկումը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի նիւթական հարցերուն եւ մսխումին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Եարզէի մէջ տեղի ունեցած ապահովական հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պաալպեքի ապահովական կայունութեան վերահաստատման վերաբերող հարցեր: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Հըզպալլա ճիգ չի խնայեր կառավարութեան արագ կազմութիւնը ապահովելու առնչութեամբ:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կը մերժէ չորս երեսփոխաններէ բաղկացող Թալալ Արսլանի նախագահած պլոքին երկու նախարար տրամադրել: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառչած կը մնայ Մեհրապի համաձայնագիրին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարող հիմնական հարցեր չկան:

 

 

Նախորդը

Մանրամասնութիւններ Չաւուշօղլու-Փոմփէօ Հանդիպումին Մասին

Յաջորդը

«Քաղաքացիութիւն Շնորհող Հրամանագիրի Օրինակը Ստանալը Առաջնահերթութիւն Է» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.