Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Պեքաայի Մէջ Տիրող Վատ Կացութեան Վերջ Չտալու Պարագային, Տարբեր Բան Պիտի Ունենամ Ըսելիք»

June 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք խիստ ոճով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է պատասխանատուներու հետ` վերջ տալու համար Պեքաայի մէջ տիրող վատ կացութեան:

Ան շեշտեց, որ ամօթ է կացութիւնը պահել այնպէս, ինչպէս որ է, իսկ եթէ այդ կացութիւնը հակակշիռի տակ չառնուի եւ գետնի վրայ քայլերու եւ նախաձեռնութիւններու չդիմուի, ապա ինք տարբեր բան պիտի ունենայ ըսելիք:

«Անկարելի է ընդունիլ, որ Լիբանանի շատ սիրելի մէկ վայրը ենթարկուի 120 խուլիկանի իշխանութեան: Իսկ այս հարցը լուծելու համար անհրաժեշտ են նախաձեռնութիւններ, որոնք անյապաղ պէտք է որդեգրուին», ըսաւ ան` հարց տալով, թէ արդեօք ոմանք կը փափաքին, որ Պեքաայի բնակիչները քաղաքացիական անհնազանդութի՞ւն յայտարարեն:

«Ամէն բանէ առաջ կարեւորը պետութեան հեղինակութեան հաստատումն է: Ի՞նչ է պահանջուածը` քայլերու դիմելու համար. արդեօք բաւարար չէ՞ այն յայտարարութիւնը, թէ ես եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յայտարարած ենք, թէ խուլիկաններն ու անօրէնները չենք հովանաւորեր: Ինչո՞ւ Պեքաայի նկատմամբ ցուցաբերուած այս դանդաղութիւնը, կարծէք ան Լիբանանէն դուրս շրջան մը ըլլայ», հարց տուաւ Պըրրի:

Միւս կողմէ, Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հարցը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ ղպտի ուղղափառ համայնքի Թէոդորոս Բ. պապը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Եգիպտոսի յարաբերութիւնները, շեշտուեցաւ չափաւորականութեան, ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ ներողամտութեան սկզբունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ Եգիպտոսի արձանագրած յաղթանակը եւ անոր սպասող փայլուն ապագան:

Կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յապաղում կ՛արձանագրէ ներքին պատճառներով` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան բանալին կը գտնուի հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին մօտ:

 

Նախորդը

Ռոպեր Գայսէրլեան Ընտրուեցաւ Տանտէրներու Սենտիքայի Անդամ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հասան Խալիլի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Իրավիճակը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.