Հարիրի. «Թիւրպօ Արագութեամբ Կ՛ընթանամ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ»
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կրնայ վերաշխուժանալ եւ դրսեւորուիլ ազգային միասնականութեան համախոհական կազմով մը: Վարչապետ Հարիրի Պէյրութէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով արտաքին խոչընդոտներ չկան, այլ` ներքին: «Բոլոր հարցերուն կարելի է լուծումներ գտնել, եւ մենք քաղաքական բոլոր հեղինակութիւններուն հետ կը խորհրդակցինք այդ հարցերուն լուծման նպատակով: Կը մաղթէի, որ տօնական օրերուն ընթացքին տեղեկատուական գետնի...



















