Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ կէսօրէ ետք աւարտեց Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ հրաժեշտ տուաւ Մերքելին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի:
Նախքան օդակայան ուղղուիլը, Մերքել այցելեց Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Մերքելի հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը եւ այդ գծով Լիբանանի պահանջները: Ան կոչ ուղղեց Մերքելին Լիբանանի պատկերացումին համապատասխանող լուծման տարբերակներ գտնելու:
Նախագահ Աուն Մերքելին յայտնեց, որ Լիբանան կը փափաքի, որ սուրիացի տեղահանուածները վերադառնան իրենց երկիրը` անկախ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնուելէ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան անկարող է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման սպասել:
Նախագահ Աուն Մերքելէն խնդրեց զօրակցիլ Լիբանանի կեցուածքին` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով` աւելցնելով, որ այդ վերադարձը պիտի ըլլայ փուլային, եւ տեղահանուածները պիտի վերադառնան Սուրիոյ ապահով շրջանները:
Ան շեշտեց, որ տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձը պէտք չէ ուղղակիօրէն կապել Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման` հարց տալով, որ եթէ այդ լուծումը ուշանայ, ո՞վ կ՛երաշխաւորէ այդ տեղահանուածներուն տունդարձը: Ան հաստատեց, որ Լիբանան նախապէս տառապած է հիմնական երկու անլոյծ հարցերէ` կիպրական հարցը, որ 40 տարիէ ի վեր չէ լուծուած, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հարցը, որ 70 տարիէ ի վեր քաղաքական լուծումի կը սպասէ:
Իր կարգին, Մերքել հասկացողութիւն ցուցաբերեց սուրիացի տեղահանուածներուն գծով Լիբանանի կեցուածքին նկատմամբ` աւելցնելով, որ քաղաքական լուծումը կ՛արագացնէ տեղահանուածներուն թղթածրարին լուծումը:
Մերքել վերահաստատեց Գերմանիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանին` շեշտելով, որ Գերմանիա շահագրգռուած է Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելով:
Պըրրիի Մօտ
Մերքել այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն, եւ ներկայացուց այդ իմաստով ի գործ դրուած ջանքերն ու մանրամասնութիւնները:
Պըրրի Մերքելի հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապալի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն ճնշող բեռը` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն վրայ:
Պըրրի ընդգծեց, որ այս իմաստով Լիբանան մեծ իրագործումներ արձանագրած է` աւելցնելով, որ տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման նպատակով լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւններուն միջեւ գործակցութեան մակարդակը բարձրացած է:
Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ` հոն գտնուող լիբանանեան գաղութին նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին եւ գուրգուրանքին համար, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն պատկանող ծովուժին մէջ Գերմանիոյ ստանձնած խաղաղապահ դերակատարութեան համար:
Մերքել Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց «Սետր»-ի խորհրդաժողովի բանաձեւերուն գործադրութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Գերմանիա այդ խորհրդաժողովին ընթացքին ամրապնդած է իր ներդրումը` ի խնդիր Լիբանանի օժանդակութեան:
Վարչապետարանին Մէջ
Մերքել վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մերքել շեշտեց, որ Գերմանիա յանձնառու մնացած է Լիբանանի օժանդակութեան` աւելցնելով, որ Պերլին կը փափաքի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման մը յանգիլ:
Ան մեծապէս գնահատեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել, ինչպէս նաեւ օժանդակել Լիբանանին` սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը վերցնելու հարցով: Ան աւելցուց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն խորհուրդ տուած է տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու` միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ համադրելով աշխատանքը:
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին միակ եւ մնայուն լուծումը անոնց ապահով տունդարձն է` շեշտելով, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կը մերժէ գաղթականներուն եւ տեղահանուածներուն բնակեցումը:





