Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ աշխատանքը ժամանակ կը պահանջէ` աւելցնելով, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ «Սի. Ար. Էմ.» գոյացաւ, ստեղծուեցան նախարարութեան յատուկ երկու կայքեր, ինչպէս նաեւ կարելի եղաւ գոյացնել վաճառքի յատուկ սարքեր:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ նախարարութեան մէջ Լիբանանը շուկայադրելու յատուկ բջիջ մը չկայ` աւելցնելով, որ Կիպրոսի զբօսաշրջութեան արձանագրած բարգաւաճումին բաղդատած Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան պարզած իրավիճակին պատճառը այն է, որ Լիբանան իր զբօսաշրջութեան մարզին նկատմամբ Կիպրոսի ցուցաբերած վերաբերումը չի ցուցաբերեր:
«Զբօսաշրջութիւնը բարգաւաճեցնելու միտքը աշխատանքի միտք է եւ ոչ թէ այս կամ այն արտադրութիւնը վաճառելու շուկայադրում: Համոզուած եմ, որ զբօսաշրջութեան մարզը քայլ առ քայլ պիտի զարգանայ եւ բարգաւաճի, իսկ այս տարուան զբօսաշրջական մարզի արդիւնքները շատ լաւ դուրս պիտի գան», շեշտեց նախարար Կիտանեան:
Ան յայտնեց նաեւ, որ զբօսաշրջութեան աշխուժացման կը նպաստեն նաեւ արտերկրի լիբանանցիները` աւելցնելով, որ այս իմաստով լիբանանեան տարբեր գաղութներ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի այցելութիւնները իրենց դերակատարութիւնը ունեցան Լիբանանի նկատմամբ անոնց կարօտը արթնցնելու: «Եթէ երկրին մէջ քաղաքական կայունութիւնը յամենայ, զբօսաշրջութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանը բարձրացնող գլխաւոր գործօնը», հաստատեց ան:



